Ֆրանսայի ֆութպոլի ախոյեանութեան («Լիկ-1») 7-րդ հանգրուանի մրցումներուն, մայրաքաղաքի կազմը` Փարիզ Սեն Ժերմեն, որ հիւրը եղաւ Մեսին, արձանագրեց 2-1 արդիւնքով յաղթանակ մը:
Արժանթինցի Մաուրիցիօ Փոքեթինոյի գլխաւորած կազմին երկու կոլերը նշանակեց մարոքցի յետսապահ Աշրաֆ Հաքիմի` 5-րդ եւ 90+5-րդ վայրկեաններուն:
Այսպիսով, Փարիզ Սեն Ժերմեն արձանագրելով իր 7-րդ յաջորդական յաղթանակը, 21 կէտով կը գրաւէ դասաւորման պարագլուխի դիրքը:
Իսկ Մես 3 կէտով կը գտնուի դասաւորման վերջին դիրքին վրայ: