Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի ընդհանուր քարտուղար Շարպել Ռըզք իր ունեցած պատկերասփռուած մէկ հարցազրոյցին ընթացքին յայտարարեց, որ Լիբանանի տղոց պասքեթպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2021-2022 տարեշրջանին մեկնարկը պիտի տրուի շաբաթ, 9 հոկտեմբերին:
Շարպել Ռըզք ըսաւ, որ համակիրներուն դաշտ մուտքը պիտի արտօնուի 20 տոկոսով, մինչ տոմսերուն սակը պիտի ըլլայ 30 հազար լիբանանեան ոսկի:
Նշուեցաւ, որ այն համակիրները, որոնք «Քորոնա» ժահրին դէմ պատուաստ չեն առած, դաշտին մուտքին պիտի ենթարկուին «Ռափիտ Թեսթ»-ի:
Թէեւ ֆետերասիոնը տոմսակներուն սակը ճշդեց 30 հազար լիբանանեան ոսկիով, սակայն իւրաքանչիւր ակումբ իրաւունք ունի անոնց գինը ինք ճշդելու:
Այլ գետնի վրայ, ֆետերասիոնին ընդհանուր քարտուղարը յայտնեց, որ Ռիատի Պէյրութի մարզիչ Ժորժ Ժահժահ նշանակուեցաւ Լիբանանի աղջկանց ազգային խումբի մարզիչ:
Ժահժահի հետ Լիբանան պիտի սկսի պատրաստուելու յառաջիկայ նոյեմբերին տեղի ունենալիք Ասիոյ ախոյեանութեան: