Սպանական Ֆութպոլ. Մարալ Արթին Կերտեց Քասթելոնի Յաղթանակը
Սպանիոյ ֆութպոլի աղջկանց Բ. դասակարգի ախոյեանութեան, հարաւային գօտիի Գ. հանգրուանի մրցումներուն, Քասթելոն, որ հիւրը եղաւ Էլչէին, արձանագրեց նուազագոյն հաշուով յաղթանակ մը: Հիւր կազմին եւ մրցումին միակ կոլը նշանակեց Հայաստանի աղջկանց ֆութպոլի ազգային հաւաքականի յառաջապահ Մարալ Արթին, որ 85-րդ վայրկեանին անվրէպ նշանակեց իր կազմին շնորհուած փենալթին: Ան դաշտ ներկայացած էր` 77-րդ վայրկեանին: Նշենք, որ 21 տարեկան Արթին այս ամառ Ալաշկերտ Երեւանէն...




















