Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան («Քալչիօ») 5-րդ հանգրուանի հանդիպումներուն, Ա. Էս. Ռոմա, որ Հռոմի մէջ հիւրընկալեց Ուտինեզէն, անոր դէմ արձանագրեց նուազագոյն արդիւնքով յաղթանակ մը:
Արձանագրուած այս յաղթանակէն կարճ ատեն մը ետք, իտալական մամուլը յայտնեց, որ յաղթական կազմին փորթուգալցի մարզիչ Ժոզէ Մուրինիօ կրկնեց Մասիմիլիանօ Ալլեկրիի մրցանիշը` երկրին ախոյեանութեան գծով իր սեփական դաշտին վրայ անպարտելիութեան գծով:
Փորթուգալցի եւ իտալացի մարզիչները իրենց դաշտերուն մէջ յաջորդաբար 41-րդ մրցումն ըլլալով պարտութեան համը չեն ճաշակած ախոյեանութեան գծով:
Նշենք, որ յաջորդ հանգրուանին հռոմեան տերպիի մրցումին Ա. Էս. Ռոմա կը մրցի Լացիօ Ռոմայի դէմ: