Նախանցեալ օր, Երեւանի Վազգէն Սարգսեանի հանրապետական մարզադաշտին վրայ տեղի ունեցած Հայաստան-Լեհաստան ֆութպոլի մրցումը աւարտեցաւ հիւր կազմին յաղթանակով, որ արձանագրեց 1-0 արդիւնքով յաղթանակ մը:
Նշենք, որ այս մրցումը կ՛իյնայ 2023-ի աղջկանց Մոնտիալի զտումի մրցաշարքին ծիրին մէջ (Զ. խմբակ):
Հայաստանի աղջկանց հաւաքականը իր կատարած առաջին մրցումին պարտուած էր Նորվեկիայէն, 10-0 արդիւնքով:
Հայրենի հաւաքականին գլխաւոր մարզիչն է Արմէն Սանամեան: