Ռուս ըմբիշ Պիլիալ Մախով չորս տարիով որակազրկուեցաւ` խթանիչ դեղերու գործածութեան յանցանքով ամբաստանուելով, այս մասին յայտնեց ռուսական մարզական մամուլը:
34 տարեկան մարզիկին որակազրկումը ուժի մէջ սկսած է մտնել 27 յունուար 2021-էն սկսեալ:
Լոնտոն-2012-ի ողիմպիական խաղերուն ան դարձած էր պրոնզէ մետալակիր, սակայն աւելի ուշ արժանացած էր ոսկիէ մետալին:
120 քկ դասակարգի աւարտական հանգրուանի մասնակցողներուն արդիւնքները չեղեալ յայտարարուած էին` խթանիչ դեղերու գործածութեան ստուգումներէն ետք:
Նշենք, որ Մախով նաեւ աշխարհի եռակի ախոյեան է: