Պարսելոնայի նետերլանտցի գլխաւոր մարզիչ Ռոնալտ Քէօման երկու մրցումով կախակայուեցաւ, այս մասին յայտնեց սպանական հանրածանօթ «Մարքա» մարզական օրաթերթը:
Ան Քատիսի դէմ տեղի ունեցած Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան («Լա Լիկա») 6-րդ հանգրուանի մրցումին (0-0) կարմիր քարտ մը ստացած էր, երբ բողոքած էր օրուան իրաւարարին տուած որոշումին գծով, ապա անոր բան մը ըսած:
Երկու մրցումով կախակայուելէ բացի, ան ստիպուած պիտի ըլլայ տուգանք ալ վճարել:
Այս տարեշրջանին քաթալոնական կազմին արձանագրած արդիւնքները կը նկատուին ոչ այդքան տպաւորիչ:
Ցարդ իր կատարած հինգ մրցումներուն ընթացքին Պարսելոնա, որ արձանագրած է երկու յաղթանակ եւ երեք հաւասարութիւն, 9 կէտով կը գրաւէ դասաւորման 7-րդ դիրքը:
Այս շաբաթավերջին, 7-րդ հանգրուանի մրցումներուն Պարսելոնա պիտի մրցի Լեվանթէի դէմ: