Ռուսիոյ ֆութպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 12-րդ հանգրուանի մրցումներուն, Վելես Մոսկուա, որ հիւրընկալեց Ռոթոր Վոլկոկրատը, արձանագրեց 3-1 արդիւնքով յաղթանակ մը:
Վելեսի յաղթանակը կերտողը եղաւ 22 տարեկան հայ միջնապահ Արթուր Գալոյեան, որ իր կազմին հետ տուպլէ մը իրագործեց (30-րդ եւ 57-րդ): Ան իր մասնակցութիւնը բերաւ ամբողջ մրցումին:
Անոր կազմը այժմ 20 կէտով կը գրաւէ դասաւորման 8-րդ դիրքը:
Նշենք, որ նախորդ տարեշրջանին, ան Վելեսի հետ իր կատարած 39 մրցումին ընթացքին նշանակած էր 5 կոլ: