Գերմանիոյ ֆութպոլի գործող ախոյեան Պայէրն Միւնիխի միջնապահ Քինկզլի Քոման երէկ սկսաւ իր փորձերուն իր կատարած սրտի վիրաբուժութենէն ետք, այս մասին յայտնեց գերմանական ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը:
Նշենք, որ 25 տարեկան ֆրանսացի ֆութպոլիստը նախորդ շաբաթ ենթարկուած էր յաջող վիրաբուժութեան:
Ան «Պունտըսլիկա»-ի 2021-2022 տարեշրջանին իր մասնակցութիւնը բերաւ չորս մրցումի` առանց կոլ նշանակելու կամ կոլի փոխանցման հեղինակ դառնալու: