Իտալական Ճենովա ֆութպոլի ակումբը պաշտօնապէս յայտարարեց, որ ակումբը ունեցաւ նոր սեփականատէր մը:
Ակումբին բաժնետոմսերուն 99,9 տոկոսը գնեց ամերիկեան «777 Փարթնըրզ» ընկերութիւնը:
Ոչ պաշտօնական տուեալներով, գործարքը արժեց 150 միլիոն եւրօ:
Ճենովայի նախկին սեփականատէրը` Էնրիքօ Փրեցիոցի պիտի մնայ ակումբի տնօրէններու խորհուրդի կազմին մէջ, իսկ գլխաւոր տնօրէն Ալեսանտրօ Չապրանօ պիտի շարունակէ պահել իր աշխատանքը:
Նշենք, որ 1893-ին հիմնուած Ճենովա Իտալիոյ ամէնէն հին ակումբն է:
Խումբը Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան («Քալչիօ») 5-րդ հանգրուանի մրցումներէն ետք 4 կէտով կը գրաւէ դասաւորման 16-րդ դիրքը: