Ռուսահայ մարտիկ Արման Ծառուկեան, ամերիկացի Խրիսթոս Կիակոսի դէմ իր արձանագրած յաղթանակէն ետք, «ԵՈՒ. ԷՖ. ՍԻ.»-ի թեթեւ քաշային կարգի միջազգային դասաւորման մէջ բարելաւեց իր դիրքը եւ դիրքի մը ոստում արձանագրելով այժմ կը գրաւէ 13-րդ դիրքը:
24 տարեկան հայ մարտիկը շրջանցեց ղազախ Ռաֆայէլ Ֆիզիեւը:
Դասաւորման պարագլուխի դիրքին վրայ կը գտնուի ամերիկացի Տասթին Փորիեն:
Երկու քաշային կարգերու «ԵՈՒ. ԷՖ. ՍԻ.»-ի նախկին ախոյեան, իրլանտացի Քանըր ՄաքԿրեկոր կը գրաւէ 9-րդ դիրքը: