Երէկ` ուրբաթ, 24 սեպտեմբերին տեղի ունեցաւ Յակոբ Տօնոյեանի անուան Հայաստանի ֆութպոլի գերբաժակի մրցաշարքի Ալաշկերտ-Արարատ մրցումը, որուն ընթացքին գերբաժակակիր դարձաւ Ալաշկերտ` իր պատմութեան մէջ երրորդ անգամ ըլլալով:
Հայաստանի գործող ախոյեան Ալաշկերտ նախապէս այս մրցաշարքի տիտղոսին տիրացած էր 2016-ին եւ 2018-ին:
Մրցումին միակ կոլը նշանակեց փորթուգալցի յառաջապահ Ժոզէ Էմպալօ` մրցումին 56-րդ վայրկեանին:
Նշենք, որ ռուսահայ գլխաւոր մարզիչ Ալեքսանտր Գրիգորեանի հեռանալէն ետք, Ալաշկերտի գլխաւոր մարզիչի պաշտօնակատարն էր Սերկէյ Էրզրումեան: