Չորեքշաբթի, 29 սեպտեմբերին կը սկսի Արաբական ակումբներու տղոց պասքեթպոլի 33-րդ ախոյեանութիւնը` մասնակցութեամբ 18 խումբերու, որոնք բաժնուած են չորս խմբակի: Անիկա իր աւարտին կը հասնի 9 հոկտեմբերին:
Ա. եւ Գ. խմբակին մաս կը կազմեն չորսական խումբեր, իսկ Բ. եւ Դ. խմբակին` հինգական խումբեր:
Այս ախոյեանութեան Լիբանանի ներկայացուցիչը` Պէյրութ, որ մաս կը կազմէ Դ. խմբակին, իրեն մրցակից պիտի ունենայ Քուէյթը (Քուէյթ), Մանաման (Պահրէյն), Ղարաֆան (Քաթար) եւ Պաթայեհը (Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ):
Լիբանանի ներկայացուցիչը իր առաջին մրցումը պիտի կատարէ 30 սեպտեմբերին, Պաթայեհի դէմ:
Նշենք, որ Պէյրութի մարզիչն է Ռոտրիկ Աքըլ, որ իր կազմին հետ կը կատարէ մնայուն փորձեր եւ պասքեթպոլի բարեկամական մրցումներ` ամէն գնով լաւ արդիւնքներու հասնելու համար: