Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան («Լա Լիկա») 7-րդ հանգրուանի մրցումներուն, Կեթաֆէ, որ հիւրը եղաւ Ռէալ Պեթիսին, անկէ կրելով 2-0 արդիւնքով պարտութիւն մը, շարունակեց մնալ առանց ոչ իսկ կէտի մը:
Պատմութեան մէջ 4-րդ անգամ ըլլալով, Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան մէջ Կեթաֆէ, որ հանդիսացաւ չորրորդ խումբը, որ տարեշրջանը կը սկսի պարտութեամբ, կրկնեց 25 տարուան անցեալի անյաջողութիւնը:
Նախապէս, նման անյաջողութիւն ունեցած էին` Էսթրեմատուրա (1996), Ռասինկ (1928) եւ Ռէալ Սարակոսա (1952):
Նշենք, որ իր կատարած եօթը մրցումներուն ընթացքին Կեթաֆէ նշանակած է միայն 2 կոլ եւ իր բերդին մէջ ստացած 12 կոլ: