Հայաստանը ներկայացնող ճատրակ խաղացողները նախորդ շաբաթավերջին աւարտեցին իրենց ելոյթները` Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու մէջ տեղի ունեցած «Շարժա Մասթըրզ-3» ճատրակի միջազգային մրցաշարքին:
Հայրենի խաղացողներուն մէջ լաւագոյն արդիւնքը արձանագրեցին Տիգրան Յարութիւնեան եւ Հայկ Մարտիրոսեան, որոնք առաւելագոյն 9 կէտէն 4,5-ական կէտ ապահովելով յաջորդաբար գրաւեցին 26-րդ եւ 38-րդ դիրքերը:
Իսկ Արամ Յակոբեան 4 կէտով գրաւեց 40-րդ դիրքը:
Նշենք, որ տիտղոսին տիրացաւ Իրանի ներկայացուցիչը: