Եւրոպական Ֆութպոլ. Ա. Էս. Ռոմա Արձանագրեց Իր Երկրորդ Յաղթանակը
Իտալական Ա. Էս. Ռոմա ֆութպոլի ակումբը, որ իր մասնակցութիւնը կը բերէ «Եուրոփա Քոնֆըրընս Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին, երէկ գիշեր իր կատարած երկրորդ մրցումին եւս յաղթանակ արձանագրեց, այս անգամ ուքրանական Զորիայի դէմ, 3-0 արդիւնքով: Ուքրանիոյ մէջ տեղի ունեցած այս մրցումը կ՛իյնայ Գ. խմբակի մրցումներուն ծիրին մէջ: Իր արձանագրած այս յաղթանակէն ետք, այժմ Ժոզէ Մուրինիոյի գլխաւորած կազմը 6 կէտով կը գրաւէ դասաւորման առաջին...




















