Երէկ` երկուշաբթի, 27 սեպտեմբերին, Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին մէջ տեղի ունեցաւ յատուկ մամլոյ ասուլիս մը, որուն ընթացքին յայտարարուեցաւ, որ յառաջիկայ երեք տարիներուն Լիբանանի պասքեթպոլի մրցումները պիտի պատկերասփռուին «ԷՄ. ԹԻ. ՎԻ.» պատկերասփիւռի կայանէն:
Այդ երեք տարիներուն ընթացքին պիտի պատկերասփռուին Լիբանանի տղոց եւ աղջկանց ախոյեանութեան, ինչպէս նաեւ բաժակի մրցաշարքին մրցումները:
«ԷՄ. ԹԻ. ՎԻ.» այդ երեք տարիներուն համար ֆետերասիոնին առաջարկեց 711 հազար ամերիկեան տոլարի գումար մը, մինչ «ԷԼ. ՊԻ. ՍԻ.»` 574 հազար ամերիկեան տոլարի գումար մը:
Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը իր գումարելիք յառաջիկայ նիստին ընթացքին պաշտօնապէս պիտի յայտարարէ այս գործարքին մասին: