Ղազախստանի ֆութպոլի ախոյեանութեան 22-րդ հանգրուանի մրցումներուն, Ասթանա, որ երէկ հիւրընկալեց Թարազին, արձանագրեց 3-0 արդիւնքով յաղթանակ մը:
Յաղթական կազմին երկրորդ կոլը 7-րդ վայրկեանին նշանակեց Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի յառաջապահ Տիգրան Բարսեղեան:
Բարսեղեան, որ իբրեւ հիմնական մարզիկ դաշտ ներկայացած էր, փոխարինուեցաւ 72-րդ վայրկեանին:
Այսպիսով, 28 տարեկան հայրենի ֆութպոլիստը նշանակեց իր 6-րդ կոլը` ընթացիկ ախոյեանութեան գծով:
Նշենք, որ Թարազի գլխաւոր մարզիչն է Վարդան Մինասեան:
Իր արձանագրած այս յաղթանակէն ետք, Ասթանա այժմ 50 կէտով կը գրաւէ դասաւորման պարագլուխի դիրքը` կէտի մը առաւելութեամբ գերազանցելով երկրորդ դիրքին վրայ գտնուող Թոփոլը: