Նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցան Լիբանանի ֆութպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 3-րդ հանգրուանի մրցումները:
Շապապ Սահել, որ Ահտի դաշտին վրայ 4-1 արդիւնքով յաղթեց Թրիփոլիին, այժմ 7 կէտով կը գրաւէ դասաւորման պարագլուխի դիրքը:
Յաղթական կազմին չորս կոլերն ալ նշանակեց Ֆատըլ Անթար:
Սաժես, որ 1-0 արդիւնքով Սուրի մէջ յաղթեց Թատամոն Սուրի, 6 կէտով կը գտնուի երկրորդ դիրքին վրայ:
Նըժմէ (3-րդ, 5 կէտ) 5-0 արդիւնքով յաղթեց Շապապ Պըրժի, մինչ Անսար (5-րդ, 4 կէտ), 0-0 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեց Սփորթինկ Ռիատիի հետ: