Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան («Քալչիօ») 6-րդ հանգրուանի ծիրին մէջ, կարեւորագոյն մրցումին հռոմեան տերպիին, իրարու դէմ մրցեցան` Լացիօ Ռոմա եւ Ա. Էս. Ռոմա:
Այս մրցումը աւարտեցաւ Լացիոյի յաղթանակով, 3-2 արդիւնքով:
Նշենք, որ փորթուգալցի մարզիչ Ժոզէ Մուրինիոյի գլխաւորած կազմը` Ա. Էս. Ռոմա, այսպիսով կրեց տարեշրջանի իր երկրորդ պարտութիւնը` ախոյեանութեան գծով:
Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի խմբապետ Հենրիխ Մխիթարեան, Ա. Էս. Ռոմայի հետ իր մասնակցութիւնը բերաւ ամբողջ մրցումին:
Անոր կազմը այժմ 12 կէտով կը գրաւէ դասաւորման 4-րդ դիրքը: