Իր մասնակցութիւնը բերելու համար աշխարհի ճատրակի աղջկանց ախոյեանութեան, Հայաստանի ճատրակի աղջկանց ազգային հաւաքականը շաբաթ, 25 սեպտեմբերին հասաւ սպանական Սիթժես քաղաքը, այս մասին յայտնեց Հայաստանի ճատրակի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը:
Հայրենի կազմը, որ մաս կը կազմէ Բ. խմբակին, իրեն մրցակից պիտի ունենայ Վրաստանը, Գերմանիան, Լեհաստանը, Ուքրանիան եւ Ազրպէյճանը:
Հաւաքականին մարզիչն է Զաւէն Անդրէասեան, իսկ խաղացողներն են Էլինա Դանիէլեան, Լիլիթ Մկրտչեան, Աննա Սարգսեան, Սուսաննա Գաբոյեան եւ Սիրանուշ Ղուկասեան:
Այս ախոյեանութիւնը, որ սկսաւ երէկ, իր աւարտին կը հասնի 3 հոկտեմբերին: