Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան («Լա Լիկա») 6-րդ հանգրուանի մրցումներուն, Քատիս, որ հիւրընկալեց Պարսելոնան, անոր հետ արձանագրեց 0-0 արդիւնքով հաւասարութիւն մը:
Քաթալոնական կազմը մրցումը աւարտեց տասը մարզիկով, երբ 65-րդ վայրկեանին նետերլանտցի միջնապահ Ֆրանքի Տը Եոնկ իր երկրորդ դեղին քարտը ստանալով դաշտէն վտարուեցաւ:
Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի յետսապահ Վարազդատ Հարոյեան, որ Քատիսի հետ իբրեւ հիմնական մարզիկ դաշտ ներկայացած էր, իր մասնակցութիւնը բերաւ ամբողջ մրցումին: Ան 68-րդ վայրկեանին դեղին քարտ մը ստացաւ:
Պարսելոնա այժմ 9 կէտով կը գրաւէ դասաւորման 7-րդ դիրքը, մինչ Քատիս 6 կէտով` 14-րդ դիրքը: