Երէկ` կիրակի, 26 սեպտեմբերին, Խրուաթիոյ Սեսվեթ քաղաքին մէջ տեղի ունեցաւ «ԵՈՒ. Է. ԷՖ. Ա. »-ի Եւրոպայի 17 տարեկանէն վար աղջկանց ախոյեանութեան զտումի մրցաշարքի Բ. դասակարգի Բ. խմբակի Լիթուանիա-Հայաստան մրցումը:
Հայրենի կազմը անյաջող ձեւով սկսաւ զտումի իր մրցումներուն` կրելով 3-2 արդիւնքով քիչ մը դժուար պարտութիւն մը, այս մասին յայտնեց Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը: