Գերմանական Օպերսթտորֆ քաղաքին մէջ, նախորդ շաբաթավերջին սկսաւ գեղասահքի «Նեպելհոռն Թրոֆի-2021» ողիմպիական վարկանշային մրցաշարքը:
Հայաստանը ներկայացնող Թինա Կարապետեան-Սիմոն Սենեկալ զոյգը յաջողեցաւ ապահովել Պէյճինկ-2022-ի ձմեռնային ողիմպիականի խաղերուն իր տոմսը` երկու պարային մարզաձեւերուն մէջ ապահովելով 173,03 կէտ եւ գրաւելով չորրորդ դիրքը:
Այսպիսով, 16 տարուան ընդմիջումէ մը ետք, Հայաստան ձմեռնային ողիմպիական խաղերուն գեղասահքի մրցումներուն ներկայացուցիչ պիտի ունենայ:
Իսկ տղոց անհատական մրցումներուն Հայաստանի միակ ներկայացուցիչը` Սլաւիկ Հայրապետեան, գրաւելով 11-րդ դիրքը, չկրցաւ ողիմպիական տոմս ապահովել:
Ողիմպիականի իրենց տոմսը կ՛ապահովեն առաջին եօթը դիրքերը գրաւողները: