Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի յետսապահ Վարազդատ Հարոյեան, որ մաս կը կազմէ Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան («Լա Լիկա») մրցումներուն իր մասնակցութիւնը բերող Քատիսի, երէկ` կիրակի, 26 սեպտեմբերին, իր կազմին հետ պատմական կոլ մը նշանակելով դարձաւ առաջին հայ ֆութպոլիստը, որ Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան կոլի հեղինակ կը դառնայ:
7-րդ հանգրուանի մրցումներուն, թէեւ անոր կազմը 3-1 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Ռայօ Վայեքանոյի դաշտին վրայ, սակայն ան յաջողեցաւ նշանակել Քատիսի հաւասարութեան կոլը` 23-րդ վայրկեանին:
Հարոյեան, որ իր մասնակցութիւնը բերաւ ամբողջ մրցումին, 48-րդ վայրկեանին դեղին քարտ մը ստացաւ:
Նշենք, որ անոր կազմը այժմ 6 կէտով կը գրաւէ դասաւորման 14-րդ դիրքը: