Ռուսիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան 9-րդ հանգրուանի մրցումներուն, Քրասնոտար, որ հիւրընկալեց Սոչին, արձանագրեց` 3-0 արդիւնքով տպաւորիչ յաղթանակ մը:
Մրցումին առաջին կոլը սքանչելի ձեւով նշանակեց Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի 21 տարեկան միջնապահ Էդուարդ Սպերցեան, երրորդ վայրկեանին:
Ան այսպիսով նշանակեց տարեշրջանի իր երկրորդ կոլը:
Իր արձանագրած այս յաղթանակէն ետք, այժմ Քրասնոտար 16 կէտով կը գրաւէ դասաւորման 4-րդ դիրքը: