Հայաստանը ներկայացնող ճատրակ խաղացողները իրենց ելոյթները կը շարունակեն Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու մէջ տեղի ունեցող «Շարժա Մասթըրզ-7» ճատրակի միջազգային մրցաշարքին գծով:
7-րդ հանգրուանի հանդիպումներուն, Տիգրան Յարութիւնեան յաղթանակ մը արձանագրեց, Հայկ Մարտիրոսեան` հաւասարութիւն մը, մինչ Արամ Յակոբեան պարտուեցաւ:
Այժմ դասաւորման առաջին դիրքը գրաւողները երկու հոգի են, անոնք ապահոված են 5,5-ական կէտ:
Յարութիւնեան ունի 4 կէտ, մինչ Մարտիրոսեան եւ Յակոբեան` 3,5-ական կէտ:
Նշենք, որ 9 հանգրուաննոց այս մրցաշարքին իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն 58 ճատրակ խաղացողներ: