Ֆինլանտական Ռովանիեմի քաղաքին մէջ տեղի ունեցող Եւրոպայի 20 տարեկանէն վար ծանրաբարձութեան ախոյեանութեան մրցումներուն երկրորդ օրը, երէկ` երկուշաբթի, 27 սեպտեմբերին Գոռ Սահակեան Հայաստանին համար ապահովեց երկրորդ ոսկի մետալը:
18 տարեկան ծանրաբարձը երկամարտի մրցումներուն բարձրացնելով 301 քկ, հանդիսացաւ Եւրոպայի ախոյեան:
Անոր ետին յաջորդաբար երկրորդ եւ երրորդ դիրքերը գրաւեցին Թուրքիոյ եւ Ռուսիոյ ներկայացուցիչները:
Նշենք, որ նախանցեալ օր Հայաստանի համար առաջին ոսկի մետալը ապահոված էր 19 տարեկան Գառնիկ Չոլաքեան` իր ետին ձգելով երկու թուրք մարզիկներ: