Մարզական

Ռաֆայէլ Նազարեան Հրապարակեց Հայաստանի  Ֆութպոլի 21 Տարեկանէն Վար Հաւաքականին Կազմը

Ռաֆայէլ Նազարեան Հրապարակեց Հայաստանի Ֆութպոլի 21 Տարեկանէն Վար Հաւաքականին Կազմը

Հայաստանի 21 տարեկանէն վար հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Ռաֆայէլ Նազարեան երէկ հրապարակեց այն ֆութպոլիստներուն անունները, որոնք պիտի պատրաստուին Ֆրանսայի դէմ տեղի ունենալիք «ԵՈՒ. Է. ԷՖ. Ա.»-ի Եւրոպայի 21 տարեկանէն վար ֆութպոլի ախոյեանութեան զտումի մրցաշարքին: Հայրենի կազմը, որ մաս կը կազմէ Ը. խմբակին, 11 նոյեմբերին հիւրը պիտի ըլլայ Ֆրանսայի: Նշենք, որ հաւաքականը կիրակի, 7 նոյեմբերին պիտի սկսի իր մարզական հաւաքին` Հայաստանի ֆութպոլի...

Թենիս.  Ռաֆայէլ Նատալ Կը Վերադառնայ

Թենիս. Ռաֆայէլ Նատալ Կը Վերադառնայ

20 կրան շլեմի տիտղոսներու տիրացած սպանացի անուանի թենիսմեն Ռաֆայէլ Նատալ յառաջիկայ ամիս պիտի վերադառնայ թենիսի դաշտերը` շուրջ երեք ամսուան բացակայութենէ մը ետք: 35 տարեկան սպանացին, որ իր վերջին մրցումը կատարած էր նախորդ 6 օգոստոսին եւ որմէ ետք վնասուածք ստացած էր, իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ 16-18 դեկտեմբերին Ապու Տապիի մէջ (Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ) տեղի ունենալիք թենիսի միջազգային մրցաշարքի մը: Նշուեցաւ, որ...

Տեմպելէ Դարձեալ Վիրաւորուեցաւ

Տեմպելէ Դարձեալ Վիրաւորուեցաւ

Քաթալոնական Պարսելոնային մաս կազմող ֆրանսացի միջնապահ Ուսման Տեմպելէ, որ դարձեալ ազդրի մկանային վնասուածք ստացաւ, շուրջ մէկ ամիսով պիտի բացակայի ֆութպոլի դաշտերէն, այս մասին երէկ յայտնեց սպանական մարզական մամուլը: 4 ամիս ֆութպոլի դաշտերէն բացակայած Տեմպելէ ֆութպոլի դաշտերը վերադարձած էր նախորդ 2 նոյեմբերին` իր մասնակցութիւնը բերելով Տինամօ Քիեւի դէմ («Չեմփիընզ Լիկ») արձանագրուած յաղթանակին (1-0), որուն ընթացքին ստացած էր իր վնասուածքը:  

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  Պիպլոս-Աթլաս Մրցումով  Այսօր Կը Սկսի Դ. Հանգրուանը

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Պիպլոս-Աթլաս Մրցումով Այսօր Կը Սկսի Դ. Հանգրուանը

Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան Դ. հանգրուանի բացման մրցումին, այսօր` հինգշաբթի, 4 նոյեմբերին, իրարու դէմ կը մրցին Պիպլոս եւ Աթլաս: Այս մրցումը, որ տեղի պիտի ունենայ Ժիպէյլի մէջ գտնուող Միշել Սլէյմանի անուան մարզադաշտին վրայ, պիտի սկսի ժամը 19:30-ին: Նշենք, որ հիւրընկալ կազմը ցարդ իր կատարած երեք մրցումներուն ալ պարտութիւն կրած է, մինչ Աթլաս երկու մրցումէ ետք արձանագրած է երկու...

Ըմբշամարտ. Աշխարհի 23 Տարեկանէն  Վար Ախոյեանութիւն.  Շանթ Սարգսեան Տիրացաւ Պրոնզ Մետալի

Ըմբշամարտ. Աշխարհի 23 Տարեկանէն Վար Ախոյեանութիւն. Շանթ Սարգսեան Տիրացաւ Պրոնզ Մետալի

Սերպիոյ մայրաքաղաք Պելկրատի մէջ տեղի ունեցող յունահռոմէական ըմբշամարտի աշխարհի 23 տարեկանէն վար ախոյեանութեան մրցումներուն, Շանթ Սարգսեան պրոնզէ մետալ մը ապահովեց Հայաստանին` 72 քկ դասակարգի մրցումներուն: Նշենք, որ այս ախոյեանութեան պրոնզէ մետալակիր դարձած էր նաեւ Հրաչեայ Պօղոսեան` 63 քկ դասակարգին մէջ, մինչ 130 քկ դասակարգին մէջ Դաւիթ Օւասապեան տիրացած էր արծաթ մետալի:  

Խոաքին Քափարոս Հրապարակեց Հայաստանի  Ֆութպոլի Ազգային Հաւաքական Հրաւիրուած  Ֆութպոլիստներուն Ցանկը

Խոաքին Քափարոս Հրապարակեց Հայաստանի Ֆութպոլի Ազգային Հաւաքական Հրաւիրուած Ֆութպոլիստներուն Ցանկը

Երէկ` չորեքշաբթի, 3 նոյեմբերին, Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ սպանացի Խոաքին Քափարոս հրապարակեց ցանկը այն ֆութպոլիստներուն, որոնք պիտի նախապատրաստուին 2022-ի Մոնտիալի զտումի մրցաշարքին գծով տեղի ունենալիք երկու մրցումներուն: Հայրենի կազմը 11 նոյեմբերին Երեւանի մէջ պիտի հիւրընկալէ Մակեդոնիան, իսկ այս մրցումէն երեք օր ետք` Գերմանիան: Ուրարտուի միջնապահ Նարեկ Գրիգորեան առաջին անգամ ըլլալով հրաւիրուեցաւ հաւաքական, մինչ Արարատի յետսապահ Հրայր Մկոյեան վնասուածքի...

Հայաստանի Բողոքէն Ետք.  Յաղթանակը Շնորհուեցաւ  Յովհաննէս Բաչքովին

Հայաստանի Բողոքէն Ետք. Յաղթանակը Շնորհուեցաւ Յովհաննէս Բաչքովին

Հայաստանի կռփամարտի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը կը տեղեկացնէ, որ Սերպիոյ մայրաքաղաք Պելկրատի մէջ տեղի ունեցող աշխարհի կռփամարտի ախոյեանութեան շրջագիծին մէջ, Հայաստանի ներկայացուցած բողոքէն ետք, յաղթանակը շնորհուեցաւ Հայաստանի հաւաքականի խմբապետ Յովհաննէս Բաչքովին: Թէեւ իրաւարարները յաղթանակը շնորհած էին թայլանտցի Սոմչայ Ուոնկսուանի, սակայն հայկական պատուիրակութեան բուռն բողոքէն ետք, իրաւարարներու յանձնախումբը, լաւապէս քննարկելէ ետք այս բողոքը, յաղթանակը նուիրեց հայրենի ըմբիշին: Նշենք, որ այս ճակատումը կ՛իյնայ...

Ճատրակ. «Կրանտ Սուիս»-ի Մրցաշարք.  Գաբրիէլ Սարգսեան  Եւ Մանուէլ Պետրոսեան` Ցարդ Անպարտելի

Ճատրակ. «Կրանտ Սուիս»-ի Մրցաշարք. Գաբրիէլ Սարգսեան Եւ Մանուէլ Պետրոսեան` Ցարդ Անպարտելի

Լաթվիոյ մայրաքաղաք Ռիկայի մէջ տեղի ունեցող ՖԻՏԷ-ի «Կրանտ Սուիս» ճատրակի միջազգային մրցաշարքի 7-րդ հանգրուանի մրցումներէն ետք, Հայաստանի ներկայացուցիչներէն Գաբրիէլ Սարգսեան եւ Մանուէլ Պետրոսեան ցարդ կը մնան անպարտելի: Անոնք, արձանագրելէ ետք երկու յաղթանակ եւ հինգ հաւասարութիւն, 4,5-ական կէտով կը բաժնեն 5-31-րդ դիրքերը: Պարագլուխի դիրքին վրայ կը գտնուի Ֆրանսան ներկայացնող իրանցի Ալիրեզա Ֆիրուճա, որ ապահոված է 5,5 կէտ: 7-րդ հանգրուանին Լեւոն Արոնեան,...

Հայաստանի 19 Տարեկանէն Վար Ֆութպոլի  Հաւաքականը Պիտի Կատարէ Մարզական Հաւաք  Եւ Բարեկամական Երկու Մրցում

Հայաստանի 19 Տարեկանէն Վար Հաւաքականը Պիտի Սկսի Նախապատրաստուելու Եւրոպայի Ֆութպոլի Ախոյեանութեան Զտումի Մրցաշարքին

Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը կը տեղեկացնէ, որ Հայաստանի ֆութպոլի 19 տարեկանէն վար հաւաքականը պիտի սկսի նախապատրաստուելու «ԵՈՒ. Է. ԷՖ. Ա.»-ի Եւրոպայի 19 տարեկանէն վար ֆութպոլի ախոյեանութեան զտումի մրցաշարքին: Նշուեցաւ, որ Վարազդատ Աւետիսեանի գլխաւորած կազմը ուրբաթ, 5 նոյեմբերին պիտի սկսի իր հաւաքին, Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին ֆութպոլի ակադեմիային մէջ: Հայրենի կազմը 8 նոյեմբերին կը մեկնի Խրուաթիա, ուր 10-16 նոյեմբերին տեղի պիտի...

Մուրինիօ 10 Հազար Եւրօ  Տուգանքի Ենթարկուեցաւ

Մուրինիօ 10 Հազար Եւրօ Տուգանքի Ենթարկուեցաւ

Իտալիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնը իր գումարած մէկ ժողովէն ետք յայտարարեց, որ 10 հազար եւրօ տուգանքի ենթարկեց Ա. Էս. Ռոմայի փորթուգալցի գլխաւոր մարզիչ Ժոզէ Մուրինիոն: Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան, Ա. Սէ. Միլանի դէմ տեղի ունեցած 11-րդ հանգրուանին գծով տեղի ունեցած մրցումէն ետք, Մուրինիօ իրաւարարներուն հանդերձարանին մուտքին օրուան իրաւարարներուն նկատմամբ ունեցած էր հեգնական վերաբերմունք եւ անոնց հասցէին ըսած էր անարգալից խօսքեր:

Թենիս.  Կարէն Խաչանովի Յաղթական  Մեկնարկը` Փարիզի Մէջ

Թենիս. Կարէն Խաչանովի Յաղթական Մեկնարկը` Փարիզի Մէջ

Հայկական արմատներով ռուսահայ թենիսմեն Կարէն Խաչանով յաղթական մեկնարկ մը ունեցաւ Փարիզի «Մասթըրզ»-ի միջազգային մրցաշարքին: Ա. հանգրուանի մրցումներուն Խաչանով, որ մրցեցաւ շուէտացի Միքայէլ Իմերի դէմ, արձանագրեց 6-4 եւ 7-5 արդիւնքով յաղթանակ մը` 1 ժամ եւ 49 վայրկեանի ընթացքին: Բ. հանգրուանին Խաչանովի մրցակիցը պիտի ըլլայ պուլկարացի Կրիկոր Տմիթրով: Մրցաշարքին իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն 56 մարզիկներ, մինչ անոր մրցանակային հիմնադրամը կը կազմէ 2...

Լեւանտովսքի Գերազանցեց Մեսսիի  Եւ Ռոնալտոյի Մրցանիշները

Լեւանտովսքի Գերազանցեց Մեսսիի Եւ Ռոնալտոյի Մրցանիշները

Գերմանիոյ ֆութպոլի ախոյեան Պայէրն Միւնիխի լեհ յառաջապահ Ռոպերթ Լեւանտովսքի «Չեմփիընզ Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին գծով գերազանցեց ֆրանսական Փարիզ Սեն Ժերմենի արժանթինցի յառաջապահ Լիոնել Մեսսիի եւ Մանչեսթըր Եունայթըտի փորթուգալցի յառաջապահ Քրիսթիանօ Ռոնալտոյի մրցանիշները` 100 մրցումի ընթացքին իր նշանակած կոլերուն քանակով: Խմբակներու դրութեամբ կատարուող վերոնշեալ մրցաշարքին անոր կազմը 5-2 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց Պենֆիքայի դէմ, մինչ ան հեթրիք մը իրագործեց: Ան այսպիսով 100...

2022-ի Մոնտիալ.  Հայաստան-Գերմանիա Մրցումի  Տոմսերուն Վաճառքը Սկսաւ

2022-ի Մոնտիալ. Հայաստան-Գերմանիա Մրցումի Տոմսերուն Վաճառքը Սկսաւ

Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը կը տեղեկացնէ, որ երէկ` երեքշաբթի, 2 նոյեմբերին, Հայաստան-Գերմանիա 2022-ի  Մոնտիալի զտումի մրցաշարքին գծով տեղի ունենալիք մրցումին տոմսերուն վաճառքը սկսաւ: Նշուեցաւ, որ հիւսիսային եւ հարաւային թրիպիւնի տոմսերուն սակն է 3000 դրամ, արեւելեանինը` 6000 եւ 7000 դրամ, իսկ արեւմտեանինը` 12000 եւ 15000 դրամ: Հայաստան-Գերմանիա մրցումը տեղի պիտի ունենայ 14 նոյեմբերին, Երեւանի Վազգէն Սարգսեանի անուան հանրապետական մարզադաշտին վրայ:...

Ըմբշամարտ. Աշխարհի 23 Տարեկանէն  Վար Ախոյեանութիւն.  Դաւիթ Օվասափեան` Փոխախոյեան

Ըմբշամարտ. Աշխարհի 23 Տարեկանէն Վար Ախոյեանութիւն. Դաւիթ Օվասափեան` Փոխախոյեան

Հրաչեայ Պօղոսեան` Պրոնզէ Մետալակիր Սերպիոյ մայրաքաղաք Պելկրատի մէջ տեղի ունեցող յունահռոմէական ոճի ըմբշամարտի աշխարհի 23 տարեկանէն վար ախոյեանութեան, Հայաստանի ներկայացուցիչ  Դաւիթ Օվասափեան, 130 քկ դասակարգին մէջ հանդիսացաւ աշխարհի փոխախոյեան` աւարտականին 2-1 արդիւնքով պարտութիւն մը կրելով իրանցի իր մրցակիցէն` Ամին Միրզազատէէն: Իսկ 63 քկ դասակարգին մէջ պրոնզէ մետալին համար իր մղած պայքարին մէջ Հրաչեայ Պօղոսեան տիրացաւ պրոնզ մետալի: Հայրենի մարզիկը 9-0...

Հայաստանի Լրագրողներու Հաւաքականը  Գրաւեց Երկրորդ Դիրքը` Թիֆլիսի  Ֆութպոլի Միջազգային Մրցաշարքին

Հայաստանի Լրագրողներու Հաւաքականը Գրաւեց Երկրորդ Դիրքը` Թիֆլիսի Ֆութպոլի Միջազգային Մրցաշարքին

Վրաստանի մայրաքաղաք Թիֆլիսի մէջ տեղի ունեցած լրագրողներու ֆութպոլի միջազգային մրցաշարքին իր մասնակցութիւնը բերած Հայաստանի լրագրողներու հաւաքականը գրաւեց երկրորդ դիրքը` աւարտականի մրցումին պարտութիւն մը կրելով Մոլտովայէն: Հայրենի հաւաքականը կիսաւարտականին յաղթած էր Քիեւի խումբին: Մրցաշարքին լաւագոյն բերդապահը ճանչցուեցաւ Հայաստանէն Վահէ Խաչատրեան: Նշենք, որ Հայաստանի լրագրողներու հաւաքականը այս մրցաշարքին մասնակցեցաւ շարք մը բացակայ ֆութպոլիստներով:  

Կռփամարտ. Աշխարհի Ախոյեանութիւն.  Յովհաննէս Բաչքով Պարտուեցաւ  Իրաւարարներու Որոշումով

Կռփամարտ. Աշխարհի Ախոյեանութիւն. Յովհաննէս Բաչքով Պարտուեցաւ Իրաւարարներու Որոշումով

Հայաստանի կռփամարտի հաւաքականի խմբապետ Յովհաննէս Բաչքով, որ իր մասնակցութիւնը կը բերէր Պելկրատի մէջ (Սերպիա) տեղի ունեցող աշխարհի կռփամարտի ախոյեանութեան, քառորդ աւարտականին պարտութիւն մը կրելով ձախողեցաւ մետալի տիրանալ: Բաչքով, որ 63,5 քկ դասակարգին մէջ մրցեցաւ թայլանտցի Սոմչայ Ուոնկ-Սուանի դէմ, իրաւարարներուն որոշումով պարտութիւն մը կրեց 3-2 արդիւնքով: Նշենք, որ գիւմրեցի մարզիկը Թոքիոյի ողիմպիական խաղերուն տիրացած էր պրոնզէ մետալի:  

Ճատրակ.  Պետրոսեան Եւ Սարգսեան Կը Շարունակեն  Արձանագրել Իրենց Տպաւորիչ Արդիւնքները

Ճատրակ. Պետրոսեան Եւ Սարգսեան Կը Շարունակեն Արձանագրել Իրենց Տպաւորիչ Արդիւնքները

Հայաստանը ներկայացնող ճատրակ խաղացողներէն Մանուէլ Պետրոսեան եւ Գաբրիէլ Սարգսեան իրենց արձանագրած բաւական լաւ արդիւնքներուն պատճառով «Կրանտ-Սուիս»-ի ճատրակի միջազգային մրցաշարքի յառաջատարներէն կէսական կէտով ետ կը մնան: 6-րդ հանգրուանի հանդիպումներէն ետք, անոնք ունին 4-ական կէտ, մինչ յառաջատարները` 4,5-ական կէտ: Իսկ Լեւոն Արոնեան եւ Ռոպերթ Յովհաննիսեան ապահոված են 3,5-ական կէտ:

«Չեմփիընզ Լիկ».  Այսօր` Լիվըրփուլ-Աթլեթիքօ Մատրիտ  Հետաքրքրական Ճակատումը

«Չեմփիընզ Լիկ». Այսօր` Լիվըրփուլ-Աթլեթիքօ Մատրիտ Հետաքրքրական Ճակատումը

Խմբակներու դրութեամբ տեղի ունեցող «Չեմփիընզ Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի Դ. հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր Անգլիոյ մէջ տեղի կ՛ունենայ բաւական հետաքրքրական եւ տաք ճակատում մը, որուն ընթացքին Լիվըրփուլ կը հիւրընկալէ Աթլեթիքօ Մատրիտը (Բ. խմբակ): Այս մրցումին ազդանշանը պիտի տրուի ժամը 22:00-ին (Պէյրութի ժամանակացոյցով): Նշենք, որ անոնց միջեւ տեղի ունեցած երթի մրցումը (19 հոկտեմբեր) աւարտած էր Լիվըրփուլի յաղթանակով (3-2): Հետաքրքրական պիտի ըլլան...

Անթոնիօ Քոնթէ Նշանակուեցաւ  Թոթենհամի Մարզիչ

Անթոնիօ Քոնթէ Նշանակուեցաւ Թոթենհամի Մարզիչ

Իտալացի փորձառու ֆութպոլի մասնագէտ Անթոնիօ Քոնթէ երէկ նշանակուեցաւ լոնտոնեան Թոթենհամի գլխաւոր մարզիչ, այս գծով յայտնեց անգլիական ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը: Ըստ բրիտանական մամուլին, Թոթենհամ համաձայն գտնուեցաւ Քոնթէին վճարել 18,3 միլիոն եւրօ: Նշենք, որ նախանցեալ օր Թոթենհամ պաշտօնանկ ըրաւ իր փորթուգալցի մարզիչ Նունօ Էսփիրիթօ Սանթոն, որ չորս ամիս մնաց իր պաշտօնին վրայ: Նախապէս, Քոնթէ Անգլիոյ մէջ գլխաւորած է լոնտոնեան Չելսին, ինչպէս նաեւ...

Ակուերօ Մտավախութիւն Ունի, Որ Ստիպուած   Պիտի Ըլլայ Աւարտել Ֆութպոլիստի  Իր Արհեստավարժ Ասպարէզը

Ակուերօ Մտավախութիւն Ունի, Որ Ստիպուած Պիտի Ըլլայ Աւարտել Ֆութպոլիստի Իր Արհեստավարժ Ասպարէզը

Ինչպէս ծանօթ է, Պարսելոնային մաս կազմող 33 տարեկան արժանթինցի յառաջապահ Սերճիօ Ակուերօ նախորդ շաբաթավերջին Ալաւեսի դէմ տեղի ունեցած մրցումը կիսատ ձգեց` նկատի ունենալով, որ ծանր շնչառութեան եւ սրտի արագ տրոփումի պատճառով փոխադրուեցաւ հիւանդանոց` ենթարկուելու համար յաւելեալ քննութիւններու: Երէկ Ակուերոն խնամող բժիշկները յայտնեցին, որ արժանթինցին երեք ամիս չի կրնար ֆութպոլի դաշտերուն վրայ տեսնուիլ` նկատի ունենալով, որ ան յատուկ հոգատարութեան եւ հանգիստի...

Page 450 of 1280 1 … 449 450 451 … 1,280

Արխիւներ