Իտալացի փորձառու ֆութպոլի մասնագէտ Անթոնիօ Քոնթէ երէկ նշանակուեցաւ լոնտոնեան Թոթենհամի գլխաւոր մարզիչ, այս գծով յայտնեց անգլիական ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը:
Ըստ բրիտանական մամուլին, Թոթենհամ համաձայն գտնուեցաւ Քոնթէին վճարել 18,3 միլիոն եւրօ:
Նշենք, որ նախանցեալ օր Թոթենհամ պաշտօնանկ ըրաւ իր փորթուգալցի մարզիչ Նունօ Էսփիրիթօ Սանթոն, որ չորս ամիս մնաց իր պաշտօնին վրայ:
Նախապէս, Քոնթէ Անգլիոյ մէջ գլխաւորած է լոնտոնեան Չելսին, ինչպէս նաեւ իտալական երկու կազմեր` Եուվենթուսն ու Ինթեր Միլանը: