Հրաչեայ Պօղոսեան`
Պրոնզէ Մետալակիր
Սերպիոյ մայրաքաղաք Պելկրատի մէջ տեղի ունեցող յունահռոմէական ոճի ըմբշամարտի աշխարհի 23 տարեկանէն վար ախոյեանութեան, Հայաստանի ներկայացուցիչ Դաւիթ Օվասափեան, 130 քկ դասակարգին մէջ հանդիսացաւ աշխարհի փոխախոյեան` աւարտականին 2-1 արդիւնքով պարտութիւն մը կրելով իրանցի իր մրցակիցէն` Ամին Միրզազատէէն:
Իսկ 63 քկ դասակարգին մէջ պրոնզէ մետալին համար իր մղած պայքարին մէջ Հրաչեայ Պօղոսեան տիրացաւ պրոնզ մետալի:
Հայրենի մարզիկը 9-0 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց Քորնելիու Ռուսուի դէմ (Մոլտովա):
Նշենք, որ թէեւ Պօղոսեան քառորդ աւարտականին պարտութիւն մը կրած էր, սակայն նկատի ունենալով, որ անոր մրցակիցը ապահոված էր աւարտականի իր տոմսը, ան իրաւունք ստացած էր իր մասնակցութիւնը բերելու քառորդ աւարտականի ճակատումին: