Վրաստանի մայրաքաղաք Թիֆլիսի մէջ տեղի ունեցած լրագրողներու ֆութպոլի միջազգային մրցաշարքին իր մասնակցութիւնը բերած Հայաստանի լրագրողներու հաւաքականը գրաւեց երկրորդ դիրքը` աւարտականի մրցումին պարտութիւն մը կրելով Մոլտովայէն:
Հայրենի հաւաքականը կիսաւարտականին յաղթած էր Քիեւի խումբին:
Մրցաշարքին լաւագոյն բերդապահը ճանչցուեցաւ Հայաստանէն Վահէ Խաչատրեան:
Նշենք, որ Հայաստանի լրագրողներու հաւաքականը այս մրցաշարքին մասնակցեցաւ շարք մը բացակայ ֆութպոլիստներով: