Հայաստանի կռփամարտի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը կը տեղեկացնէ, որ Սերպիոյ մայրաքաղաք Պելկրատի մէջ տեղի ունեցող աշխարհի կռփամարտի ախոյեանութեան շրջագիծին մէջ, Հայաստանի ներկայացուցած բողոքէն ետք, յաղթանակը շնորհուեցաւ Հայաստանի հաւաքականի խմբապետ Յովհաննէս Բաչքովին:
Թէեւ իրաւարարները յաղթանակը շնորհած էին թայլանտցի Սոմչայ Ուոնկսուանի, սակայն հայկական պատուիրակութեան բուռն բողոքէն ետք, իրաւարարներու յանձնախումբը, լաւապէս քննարկելէ ետք այս բողոքը, յաղթանակը նուիրեց հայրենի ըմբիշին:
Նշենք, որ այս ճակատումը կ՛իյնայ քառորդ աւարտականի 63,5 քկ դասակարգի մրցումներուն ծիրին մէջ:
Այսպիսով, աշխարհի կռփամարտի ախոյեանութեան պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով, հայ մարզիկին նկատմամբ արձանագրուած անարդար որոշումը կը փոխուի եւ յաղթանակը կը վերադարձուի անոր:
Այսպիսով, Դաւիթ Չալոյեանէն ետք (92 քկ եւ վեր), Հայաստան ապահովեց կիսաւարտական հանգրուանի իր երկրորդ տոմսը: