Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը կը տեղեկացնէ, որ երէկ` երեքշաբթի, 2 նոյեմբերին, Հայաստան-Գերմանիա 2022-ի Մոնտիալի զտումի մրցաշարքին գծով տեղի ունենալիք մրցումին տոմսերուն վաճառքը սկսաւ:
Նշուեցաւ, որ հիւսիսային եւ հարաւային թրիպիւնի տոմսերուն սակն է 3000 դրամ, արեւելեանինը` 6000 եւ 7000 դրամ, իսկ արեւմտեանինը` 12000 եւ 15000 դրամ:
Հայաստան-Գերմանիա մրցումը տեղի պիտի ունենայ 14 նոյեմբերին, Երեւանի Վազգէն Սարգսեանի անուան հանրապետական մարզադաշտին վրայ:
Այս մրցումէն երեք օր առաջ, նոյն վայրին մէջ տեղի պիտի ունենայ` Հայաստան-Մակեդոնիա մրցումը: