Ինչպէս ծանօթ է, Պարսելոնային մաս կազմող 33 տարեկան արժանթինցի յառաջապահ Սերճիօ Ակուերօ նախորդ շաբաթավերջին Ալաւեսի դէմ տեղի ունեցած մրցումը կիսատ ձգեց` նկատի ունենալով, որ ծանր շնչառութեան եւ սրտի արագ տրոփումի պատճառով փոխադրուեցաւ հիւանդանոց` ենթարկուելու համար յաւելեալ քննութիւններու:
Երէկ Ակուերոն խնամող բժիշկները յայտնեցին, որ արժանթինցին երեք ամիս չի կրնար ֆութպոլի դաշտերուն վրայ տեսնուիլ` նկատի ունենալով, որ ան յատուկ հոգատարութեան եւ հանգիստի կարիք ունի:
Ֆութպոլիստին մօտիկ անձերը յայտնեցին, որ Ակուերօ այն մտավախութիւնը ունի, որ ստիպուած պիտի ըլլայ աւարտել ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը: