Սերպիոյ մայրաքաղաք Պելկրատի մէջ տեղի ունեցող յունահռոմէական ըմբշամարտի աշխարհի 23 տարեկանէն վար ախոյեանութեան մրցումներուն, Շանթ Սարգսեան պրոնզէ մետալ մը ապահովեց Հայաստանին` 72 քկ դասակարգի մրցումներուն:
Նշենք, որ այս ախոյեանութեան պրոնզէ մետալակիր դարձած էր նաեւ Հրաչեայ Պօղոսեան` 63 քկ դասակարգին մէջ, մինչ 130 քկ դասակարգին մէջ Դաւիթ Օւասապեան տիրացած էր արծաթ մետալի:



