Գերմանիոյ ֆութպոլի ախոյեան Պայէրն Միւնիխի լեհ յառաջապահ Ռոպերթ Լեւանտովսքի «Չեմփիընզ Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին գծով գերազանցեց ֆրանսական Փարիզ Սեն Ժերմենի արժանթինցի յառաջապահ Լիոնել Մեսսիի եւ Մանչեսթըր Եունայթըտի փորթուգալցի յառաջապահ Քրիսթիանօ Ռոնալտոյի մրցանիշները` 100 մրցումի ընթացքին իր նշանակած կոլերուն քանակով:
Խմբակներու դրութեամբ կատարուող վերոնշեալ մրցաշարքին անոր կազմը 5-2 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց Պենֆիքայի դէմ, մինչ ան հեթրիք մը իրագործեց:
Ան այսպիսով 100 մրցումի ընթացքին նշանակած է 81 կոլ, Մեսսի` 77 կոլ, իսկ Ռոնալտօ` 64 կոլ:
Նշենք, որ Պայէրն իր չորրորդ յաղթանակը արձանագրելուն շնորհիւ ապահովեց փլէյ օֆի մրցումներուն իր տոմսը:



