Հայաստանը ներկայացնող ճատրակ խաղացողներէն Մանուէլ Պետրոսեան եւ Գաբրիէլ Սարգսեան իրենց արձանագրած բաւական լաւ արդիւնքներուն պատճառով «Կրանտ-Սուիս»-ի ճատրակի միջազգային մրցաշարքի յառաջատարներէն կէսական կէտով ետ կը մնան:
6-րդ հանգրուանի հանդիպումներէն ետք, անոնք ունին 4-ական կէտ, մինչ յառաջատարները` 4,5-ական կէտ:
Իսկ Լեւոն Արոնեան եւ Ռոպերթ Յովհաննիսեան ապահոված են 3,5-ական կէտ: