Մարզական

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  – Այսօր` ՀՄԸՄ-Ռիատի Պէյրութ Մրցումը. Տինամոյի Տպաւորիչ Յաղթանակը` Պէյրութի Դէմ

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. – Այսօր` ՀՄԸՄ-Ռիատի Պէյրութ Մրցումը. Տինամոյի Տպաւորիչ Յաղթանակը` Պէյրութի Դէմ

Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան Դ. հանգրուանը իր աւարտին կը հասնի այսօր` երկուշաբթի, 8 նոյեմբերին, երբ «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ տեղի կ՛ունենայ ՀՄԸՄ-Ռիատի Պէյրութ ճակատումը: Մրցումին ազդանշանը պիտի տրուի ժամը 16:50-ին: Հիւր կազմը ցարդ արձանագրած է երկու յաղթանակ եւ կրած պարտութիւն մը, մինչ ՀՄԸՄ իր կատարած երեք մրցումներուն ընթացքին կրած է նոյնքան պարտութիւն: Շաբթուան...

Ըմբշամարտ.  Արսէն Յարութիւնեան` 23 Տարեկանէն  Վար Աշխարհի Ախոյեան

Ըմբշամարտ. Արսէն Յարութիւնեան` 23 Տարեկանէն Վար Աշխարհի Ախոյեան

Հայաստանի ազատ ոճի ըմբշամարտի հաւաքականի անդամ Արսէն Յարութիւնեան երէկ հանդիսացաւ աշխարհի 23 տարեկանէն վար ըմբշամարտի ախոյեան: Սերպիոյ մայրաքաղաք Պելկրատի մէջ տեղի ունեցող այս ախոյեանութեան 61 քկ դասակարգին աւարտականին, Յարութիւնեան, որ մրցեցաւ ռուս Արթուր Չեփորտայեւի դէմ, արձանագրեց 11-7 արդիւնքով յաղթանակ մը: Իսկ 74 քկ դասակարգի մրցումներուն, Հրայր Ալիխանեան, որ մրցեցաւ աւստրիացի Սիմոն Մարչըլի դէմ, արձանագրելով 10-0 արդիւնքով յաղթանակ մը տիրացաւ պրոնզ...

Հայկական Պասքեթպոլ.  Գիւմրի 63-39 Արդիւնքով  Յաղթեց «ՖԻՄԱ»-ին

Հայկական Պասքեթպոլ. Գիւմրի 63-39 Արդիւնքով Յաղթեց «ՖԻՄԱ»-ին

Հայաստանի պասքեթպոլի տղոց Ա. լիկայի ախոյեանութեան Ա. հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, Գիւմրի մեծ արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց «ՖԻՄԱ»-ին դէմ` 118-84 արդիւնքով: Մրցումին ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Գիւմրիէն Քեմպըլ (32 կէտ): Այլ մրցումի մը ընթացքին, Ուրարտու 101-89 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց Սթարսի դէմ: Յաղթական կազմէն Պրենտըն Անվանիւ նշանակեց 39 կէտ: Նշենք, որ տարեշրջանի Ա. հանգրուանի բացման մրցումին, Էրեբունի 95-74 արդիւնքով յաղթեց...

Կռփամարտ.  Արամ Ֆանիեան` «Այ. Պի. Օ.»-ի  Միջազգային Գօտիի Տիտղոսակիր

Կռփամարտ. Արամ Ֆանիեան` «Այ. Պի. Օ.»-ի Միջազգային Գօտիի Տիտղոսակիր

Ուքրանիոյ մէջ բնակութիւն հաստատած կռփամարտիկ Արամ Ֆանիեան նախորդ շաբաթավերջին տիրացաւ «ԱՅ. ՊԻ. Օ.»-ի միջազգային գօտիի տիտղոսին: Գերմանիոյ մէջ իր կատարած մենամարտին, ան իրաւարարներուն միաձայն որոշումով 95-93, 96-93 եւ 97-72 արդիւնքով յաղթեց գերմանացի իր մրցակիցին` Թիմօ Շվարցքոփֆի: Նշենք, որ հայազգի կռփամարտիկը իր նախկին մենամարտին իր յաղթանակը արձանագրած էր ուզպեք Մոհամետսալիմ Սոթվոլտիեւի դէմ:

Լողարշաւ. Եւրոպայի  Ախոյեանութիւն.  Արթուր Բարսեղեան Հայաստանի Համար  Մրցանիշ Մը Հաստատեց

Լողարշաւ. Եւրոպայի Ախոյեանութիւն. Արթուր Բարսեղեան Հայաստանի Համար Մրցանիշ Մը Հաստատեց

Հայաստանի լողարշաւի հաւաքականի անդամ, 32-րդ ողիմպիական խաղերուն մասնակցած Արթուր Բարսեղեան, Եւրոպայի լողարշաւի ախոյեանութեան Հայաստանի համար մրցանիշ մը հաստատեց: Ռուսական Քազան քաղաքին մէջ տեղի ունեցած Եւրոպայի 100 մեթրի մրցումներուն, Բարսեղեան արձանագրելով 48'' 09 արդիւնք մը, թէեւ չկրցաւ յաղթահարել կիսաւարտական հանգրուանի արգելքը եւ չկրցաւ ապահովել աւարտականներու իր տոմսը, սակայն յաջողեցաւ Հայաստանի համար նոր մրցանիշ մը հաստատել: Ախոյեանութեան իրենց մասնակցութիւնը բերին 41 երկիրներէ...

Հայկական Ֆութպոլ.  Արարատ-Երեւան Պարտութեան Մատնեց Սեւանը

Հայկական Ֆութպոլ. Արարատ-Երեւան Պարտութեան Մատնեց Սեւանը

Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան 13-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ Արարատ-Երեւան, որ հիւրընկալեց Սեւանը, արձանագրեց 3-1 արդիւնքով յաղթանակ մը: Իր արձանագրած այս յաղթանակէն ետք, Արարատ, որ այժմ ապահոված է 26 կէտ, կէտով մը միայն ետ կը մնայ երկրորդ դիրքին վրայ գտնուող Փիւնիկէն: Սեւան 20 կէտով կը գրաւէ երկրորդ դիրքը:  

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  Անիպալ Զահլէ Կրեց Իր Չորրորդ  Յաջորդական Պարտութիւնը

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Անիպալ Զահլէ Կրեց Իր Չորրորդ Յաջորդական Պարտութիւնը

Լիբանանի պասքեթպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան Դ. հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, Անիպալ Զահլէ, որ հիւրընկալեց Հուփսը, կրեց տարեշրջանի իր չորրորդ պարտութիւնը` 64-54 արդիւնքով (7-16, 18-12, 14-19 եւ 15-17): Այս յաղթանակը Հուփսի համար եղաւ տարեշրջանի երկրորդ յաղթանակը, երկու պարտութեան կողքին: Մրցումին ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Հուփսէն Ժոյի Զալլում (17 կէտ): Այս հանգրուանին ծիրին մէջ, այսօր, «Նուհատ Նաուֆալ» մարզահամալիրին մէջ, երեկոյեան ժամը 21:50-ին,...

Կռփամարտ. Աշխարհի Ախոյեանութիւն.  Դաւիթ Չալոյեան Հանդիսացաւ  Աշխարհի Փոխախոյեան

Կռփամարտ. Աշխարհի Ախոյեանութիւն. Դաւիթ Չալոյեան Հանդիսացաւ Աշխարհի Փոխախոյեան

Հայաստանի կռփամարտի հաւաքականին անդամ Դաւիթ Չալոյեան երէկ հանդիսացաւ կռփամարտի աշխարհի ախոյեանութեան արծաթէ մետալակիր: Սերպիոյ մայրաքաղաք Պելկրատի մէջ տեղի ունեցող աշխարհի ախոյեանութեան 92 քկ եւ վեր դասակարգին մէջ, 24 տարեկան Չալոյեան, որ մրցեցաւ ռուս Մարք Փեթրովսքիի դէմ (22 տարեկան), իրաւարարներուն որոշումով կրեց 4-1 արդիւնքով պարտութիւն մը: Հայ կռփամարտիկը, որ առաջին իսկ ռաունտին յօնքի վնասուածք ստացաւ, այդպէս ալ արիւնոտ վիճակով շարունակեց իր...

«Չեմփիընզ Լիկ».  Պենզեմա` 75 Կոլ Նշանակած  Չորրորդ Ֆութպոլիստը

«Չեմփիընզ Լիկ». Պենզեմա` 75 Կոլ Նշանակած Չորրորդ Ֆութպոլիստը

Սպանական Ռէալ Մատրիտին մաս կազմող ֆրանսացի միջազգային յառաջապահ Քարիմ Պենզեմա հանդիսացաւ չորրորդ ֆութպոլիստը, որ «Չեմփիընզ Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին գծով կը նշանակէ 75 կոլ: Խմբակներու դրութեամբ տեղի ունեցող վերոնշեալ մրցաշարքին Դ. հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, Պենզեմա, որ Շախտիոր Տոնեցքի դէմ տուպլէ մը իրագործելով կերտեց իր կազմին յաղթանակը (2-1)` նշանակելով իր 74-րդ եւ 75-րդ կոլերը, այսպիսով կատարեց նաեւ այս մրցաշարքին իր 134-րդ...

Ըմբշամարտի Ազատ Ոճի Աշխարհի  Ախոյեանութիւն.  Վազգէն Թեւանեան Ապահովեց  Աւարտականի Իր Տոմսը

Ըմբշամարտի Ազատ Ոճի Աշխարհի Ախոյեանութիւն. Վազգէն Թեւանեան Ապահովեց Աւարտականի Իր Տոմսը

Սերպիոյ մայրաքաղաք Պելկրատի մէջ տեղի ունեցող ըմբշամարտի ազատ ոճի աշխարհի 23 տարեկանէն վար ախոյեանութեան առաջին օրը, երէկ մրցասպարէզ դուրս եկած Հայաստանի չորս ներկայացուցիչներն ալ, այսօր` շաբաթ, 6 նոյեմբերին, պիտի շարունակեն իրենց պայքարը` մետալներու համար: Վազգէն Թեւանեան յաջողեցաւ ապահովել աւարտականի իր տոմսը (70 քկ դասակարգին մէջ)` քառորդ աւարտականին յաղթելով իր թուրք մրցակիցին, իսկ կիսաւարտականին` մոլտովացի իր մրցակիցին: Իսկ մնացեալ երեքը` Մանուէլ...

Չաւի Նշանակուեցաւ  Պարսելոնայի Մարզիչ

Չաւի Նշանակուեցաւ Պարսելոնայի Մարզիչ

Քաթարեան Սատ ֆութպոլի ակումբը երէկ պաշտօնապէս յայտարարեց, որ խումբի գլխաւոր մարզիչ Չաւի Հերնանտես պիտի լքէ իր կազմը, որովհետեւ պիտի տեղափոխուի Պարսելոնա` անոր հետ պայմանագրութիւն մը ստորագրելով մինչեւ 2024: Պարսելոնա Սատին պիտի վճարէ մէկ միլիոն եւրօ հատուցում` նկատի ունենալով, որ անիկա համաձայն գտնուեցաւ քաթարեան կազմին վճարել անոր հրաժարագինը` անոր կնքած պայմանագրութիւնը ժամանակէն շուտ խզելուն համար: Ան այս շաբաթավերջին պիտի հասնի Պարսելոնա,...

Չորս Խումբեր Ցարդ Ապահոված Են «Չեմփիընզ Լիկ»-ի  Ֆութպոլի Մրցաշարքին Փլէյ Օֆին Իրենց Տոմսերը

Չորս Խումբեր Ցարդ Ապահոված Են «Չեմփիընզ Լիկ»-ի Ֆութպոլի Մրցաշարքին Փլէյ Օֆին Իրենց Տոմսերը

Անցնող քանի մը օրերուն ընթացքին կատարուեցան «Չեմփիընզ Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի Դ. հանգրուանի մրցումները: Խմբակներու դրութեամբ տեղի ունեցող այս հանգրուանի մրցումներէն ետք, ցարդ չորս խումբեր ապահոված են փլէյ օֆի մրցումներուն իրենց տոմսերը: Պայէրն Միւնիխի եւ Եուվենթուսի օրինակին հետեւեցան Լիվըրփուլ եւ Այաքս Ամսթերտամ: Նշենք, որ Լիվըրփուլի յաղթանակը նկատուեցաւ կարեւոր` նկատի ունենալով, որ անիկա արձանագրուեցաւ Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեան Աթլեթիքօ Մատրիտի դէմ: Անկասկած, Ե....

Մեսսի Բացակայ` Այսօրուան Մրցումէն

Մեսսի Բացակայ` Այսօրուան Մրցումէն

Ֆրանսայի ֆութպոլի ախոյեանութեան («Լիկ-1») 13-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր` շաբաթ, 6 նոյեմբերին, Փարիզ Սեն Ժերմեն հիւրը պիտի ըլլայ Պորտոյի: Այս մրցումին ազդանշանը պիտի տրուի ժամը 22:00-ին (Պէյրութի ժամանակացոյցով): Մայրաքաղաքի կազմին մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ այս մրցումին իր մասնակցութիւնը պիտի չկարենայ բերել արժանթինցի յառաջապահ Լիոնել Մեսսի` նկատի ունենալով, որ ան ցարդ կը շարունակէ ծունկի հետ կապուած խնդիրներ ունենալ: Սեն Ժերմենէն...

Պարսելոնա-Չելսի Պայքար`  Քինկզլի Քոմանի Համար

Պարսելոնա-Չելսի Պայքար` Քինկզլի Քոմանի Համար

Գերմանիոյ ֆութպոլի ախոյեան Պայէրն Միւնիխ եւ ակումբին մաս կազմող ֆրանսացի միջնապահ Քինկզլի Քոման իրարու հետ համաձայնութեան չկրցան գալ նոր պայմանագիրի մը երկարաձգման գծով: Այս առիթէն առաւելագոյն ձեւով կը փորձեն օգտուիլ Պարսելոնա եւ Չելսի, որոնք ամէն ճիգ ի գործ կը դնեն իրենց կազմին միացնելու համար 25 տարեկան ֆութպոլիստը: Նշուեցաւ, որ Քոման Պայէրնէն կը պահանջէ աշխատավարձի կրկնապատկում. այսինքն` փոխան 10 միլիոն եւրոյի...

Թենիս.  Ճոքովիչ Գերազանցեց  Ֆետերերի Մրցանիշը

Թենիս. Ճոքովիչ Գերազանցեց Ֆետերերի Մրցանիշը

Տղոց թենիսի միջազգային դասաւորման պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող սերպ Նովաք Ճոքովիչ, որ իր մասնակցութիւնը կը բերէ Ֆրանսայի մէջ տեղի ունեցող Փարիզի թենիսի «Մասթըրզ» միջազգային մրցաշարքին, Բ. հանգրուանին հունգարացի Մարթոն Ֆուչովիչի դէմ իր արձանագրած յաղթանակին շնորհիւ, գերազանցեց նախապէս աշխարհի միջազգային դասաւորման առաջին դիրքը գրաւած զուիցերիացի Ռոժէ Ֆետերերի մրցանիշը: Իբրեւ դասաւորման առաջին դիրքը գրաւող թենիսմեն Ճոքովիչ արձանագրեց իր 418-րդ յաղթանակը, մինչ Ֆետերեր...

Պասքեթպոլ.  Լիբանանի Աղջկանց Ազգային  Խումբը Մեկնեցաւ Յորդանան

Պասքեթպոլ. Լիբանանի Աղջկանց Ազգային Խումբը Մեկնեցաւ Յորդանան

Երէկ` հինգշաբթի, 4 նոյեմբերին, Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց ազգային խումբը մեկնեցաւ Յորդանանի մայրաքաղաք Ամման` իր մասնակցութիւնը բերելու համար 7-13 նոյեմբերին տեղի ունենալիք Ասիոյ պասքեթպոլի ախոյեանութեան (Բ. կարգի): Լիբանանեան պատուիրակութիւնը կը գլխաւորէ Նելլի Նասսար Պուսթանի, խումբին մարզիչն է Ժորժ Ժահժահ, իսկ խումբին մաս կազմող մարզիկներն են` Ռեպեքքա Աքըլ, Ամար Մանսուր, Միրամար Մըքտատ, Եաշա Զէյնուն, Լամա Մուքատտեմ, Նարինէ Կէօքճեան, Մեղրի Թորոսեան, Շիրին Շերիֆ,...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  Այսօր Կը Հրապարակուի Տղոց Ա. Դասակարգի  Ախոյեանութեան 2021-2022 Տարեշրջանի  Երթի Մրցումներուն Յայտագիրը

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Պիպլոսի Առաջին Յաղթանակը, Աթլասի Առաջին Պարտութիւնը

Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան Դ. հանգրուանի բացման ծիրին մէջ, երէկ երեկոյեան Միշել Սլէյմանի անուան մարզահամալիրին մէջ (Ժիպէյլ) Պիպլոս հիւրընկալեց Աթլասը: Յաջորդական երեք պարտութիւններէ ետք, Պիպլոս ի վերջոյ յաջողեցաւ արձանագրել տարեշրջանի իր առաջին յաղթանակը, մինչ ցարդ երկու մրցում կատարած եւ երկու յաղթանակ արձանագրած Աթլաս կրեց տարեշրջանի իր առաջին պարտութիւնը` 83-61 արդիւնքով (30-16, 13-20, 22-19 եւ18-6): Մրցումին ամէնէն շատ կէտը...

Կռփամարտ. Աշխարհի Ախոյեանութիւն. Դաւիթ Չալոյեան Յաղթեց Իր Ազրպէյճանցի Մրցակիցին Եւ Ապահովեց Աւարտականի Իր Տոմսը

Կռփամարտ. Աշխարհի Ախոյեանութիւն. Դաւիթ Չալոյեան Յաղթեց Իր Ազրպէյճանցի Մրցակիցին Եւ Ապահովեց Աւարտականի Իր Տոմսը

Յովհաննէս Բաչքով` Պրոնզէ Մետալակիր Հայաստանի կռփամարտի հաւաքականի անդամ, 24 տարեկան Դաւիթ Չալոյեան (գերծանր կշիռ, +92 քկ), երէկ` հինգշաբթի, 4 նոյեմբերին, ապահովեց աշխարհի կռփամարտի ախոյեանութեան աւարտականի իր տոմսը: Սերպիոյ մէջ տեղի ունեցող այս ախոյեանութեան կիսաւարտականին, Չալոյեան, որ մրցեցաւ ազրպէյճանի իր մրցակիցին` Մոհամետ Ապտուլայեւի դէմ, արձանագրեց բաւական տպաւորիչ յաղթանակ մը` 5-0 արդիւնքով: Այսպիսով, 12 տարի ետք, Հայաստան դարձեալ մասնակից պիտի ունենայ աշխարհի...

«Եուրոփա Քոնֆըրընս Լիկ».  Ալաշկերտ Կրեց Իր Չորրորդ  Յաջորդական Պարտութիւնը

«Եուրոփա Քոնֆըրընս Լիկ». Ալաշկերտ Կրեց Իր Չորրորդ Յաջորդական Պարտութիւնը

Հայաստանի ֆութպոլի ախոյեան Ալաշկերտ Երեւան, որ երէկ գիշեր հիւրը եղաւ աւստրիական «ԼԱՍՔ»-ին, կրեց իր չորրորդ յաջորդական պարտութիւնը` 2-0 արդիւնքով: Յաղթական կազմէն տուպլէ մը իրագործեց ճափոնցի 21 տարեկան յառաջապահ Քէյթօ Նաքամուրա` 12-րդ եւ 87-րդ վայրկեաններուն: Երկու կազմերուն միջեւ տեղի ունեցած առաջին մրցումը` Երեւանի մէջ, դարձեալ աւարտած էր Աւստրիոյ ներկայացուցիչին յաղթանակով (3-0): Այսպիսով, սերպ Միլան Միլանովիչի գլխաւորած կազմը վերջնականապէս զրկուեցաւ փլէյ օֆի...

Ըմբշամարտ. Աշխարհի Ախոյեանութիւն.  Հայաստանի Հաւաքականը Հանդիսացաւ 7-րդ

Ըմբշամարտ. Աշխարհի Ախոյեանութիւն. Հայաստանի Հաւաքականը Հանդիսացաւ 7-րդ

Հայաստանը ներկայացնող յունահռոմէական ոճի երիտասարդ ըմբիշները աւարտեցին իրենց ելոյթները` աշխարհի ախոյեանութեան գծով: Հայաստանի յունահռոմէական ոճի ըմբշամարտի 23 տարեկանէն վար հաւաքականը աշխարհի այս ախոյեանութեան տիրացաւ միայն մէկ արծաթ եւ երկու պրոնզ մետալի: Խմբային վերջնական դասաւորման մէջ 44 երկիրներուն մէջ Հայաստան գրաւեց 7-րդ դիրքը:  

Page 449 of 1280 1 … 448 449 450 … 1,280

Արխիւներ