Խմբակներու դրութեամբ տեղի ունեցող «Չեմփիընզ Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի Դ. հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր Անգլիոյ մէջ տեղի կ՛ունենայ բաւական հետաքրքրական եւ տաք ճակատում մը, որուն ընթացքին Լիվըրփուլ կը հիւրընկալէ Աթլեթիքօ Մատրիտը (Բ. խմբակ):
Այս մրցումին ազդանշանը պիտի տրուի ժամը 22:00-ին (Պէյրութի ժամանակացոյցով):
Նշենք, որ անոնց միջեւ տեղի ունեցած երթի մրցումը (19 հոկտեմբեր) աւարտած էր Լիվըրփուլի յաղթանակով (3-2):
Հետաքրքրական պիտի ըլլան նաեւ Լայփցիկ-Փարիզ Սեն Ժերմեն եւ Պորուսիա Տորթմունտ-Այաքս Ամսթերտամ մրցումները: