20 կրան շլեմի տիտղոսներու տիրացած սպանացի անուանի թենիսմեն Ռաֆայէլ Նատալ յառաջիկայ ամիս պիտի վերադառնայ թենիսի դաշտերը` շուրջ երեք ամսուան բացակայութենէ մը ետք:
35 տարեկան սպանացին, որ իր վերջին մրցումը կատարած էր նախորդ 6 օգոստոսին եւ որմէ ետք վնասուածք ստացած էր, իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ 16-18 դեկտեմբերին Ապու Տապիի մէջ (Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ) տեղի ունենալիք թենիսի միջազգային մրցաշարքի մը:
Նշուեցաւ, որ սպանացին մինչեւ 2022-ին տեղի ունենալիք Աւստրալիոյ թենիսի կրան շլեմի միջազգային բաց մրցաշարքին մեկնարկը տրուիլը, կը մտադրէ նախապատրաստական այլ մրցաշարքի մըն ալ մասնակցիլ: