Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան Դ. հանգրուանի բացման մրցումին, այսօր` հինգշաբթի, 4 նոյեմբերին, իրարու դէմ կը մրցին Պիպլոս եւ Աթլաս:
Այս մրցումը, որ տեղի պիտի ունենայ Ժիպէյլի մէջ գտնուող Միշել Սլէյմանի անուան մարզադաշտին վրայ, պիտի սկսի ժամը 19:30-ին:
Նշենք, որ հիւրընկալ կազմը ցարդ իր կատարած երեք մրցումներուն ալ պարտութիւն կրած է, մինչ Աթլաս երկու մրցումէ ետք արձանագրած է երկու յաղթանակ: