Հայկական արմատներով ռուսահայ թենիսմեն Կարէն Խաչանով յաղթական մեկնարկ մը ունեցաւ Փարիզի «Մասթըրզ»-ի միջազգային մրցաշարքին:
Ա. հանգրուանի մրցումներուն Խաչանով, որ մրցեցաւ շուէտացի Միքայէլ Իմերի դէմ, արձանագրեց 6-4 եւ 7-5 արդիւնքով յաղթանակ մը` 1 ժամ եւ 49 վայրկեանի ընթացքին:
Բ. հանգրուանին Խաչանովի մրցակիցը պիտի ըլլայ պուլկարացի Կրիկոր Տմիթրով:
Մրցաշարքին իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն 56 մարզիկներ, մինչ անոր մրցանակային հիմնադրամը կը կազմէ 2 միլիոն ամերիկեան տոլար: