Իտալիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնը իր գումարած մէկ ժողովէն ետք յայտարարեց, որ 10 հազար եւրօ տուգանքի ենթարկեց Ա. Էս. Ռոմայի փորթուգալցի գլխաւոր մարզիչ Ժոզէ Մուրինիոն:
Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան, Ա. Սէ. Միլանի դէմ տեղի ունեցած 11-րդ հանգրուանին գծով տեղի ունեցած մրցումէն ետք, Մուրինիօ իրաւարարներուն հանդերձարանին մուտքին օրուան իրաւարարներուն նկատմամբ ունեցած էր հեգնական վերաբերմունք եւ անոնց հասցէին ըսած էր անարգալից խօսքեր: