Քաթալոնական Պարսելոնային մաս կազմող ֆրանսացի միջնապահ Ուսման Տեմպելէ, որ դարձեալ ազդրի մկանային վնասուածք ստացաւ, շուրջ մէկ ամիսով պիտի բացակայի ֆութպոլի դաշտերէն, այս մասին երէկ յայտնեց սպանական մարզական մամուլը:
4 ամիս ֆութպոլի դաշտերէն բացակայած Տեմպելէ ֆութպոլի դաշտերը վերադարձած էր նախորդ 2 նոյեմբերին` իր մասնակցութիւնը բերելով Տինամօ Քիեւի դէմ («Չեմփիընզ Լիկ») արձանագրուած յաղթանակին (1-0), որուն ընթացքին ստացած էր իր վնասուածքը: