Հայաստանի կռփամարտի հաւաքականի խմբապետ Յովհաննէս Բաչքով, որ իր մասնակցութիւնը կը բերէր Պելկրատի մէջ (Սերպիա) տեղի ունեցող աշխարհի կռփամարտի ախոյեանութեան, քառորդ աւարտականին պարտութիւն մը կրելով ձախողեցաւ մետալի տիրանալ:
Բաչքով, որ 63,5 քկ դասակարգին մէջ մրցեցաւ թայլանտցի Սոմչայ Ուոնկ-Սուանի դէմ, իրաւարարներուն որոշումով պարտութիւն մը կրեց 3-2 արդիւնքով:
Նշենք, որ գիւմրեցի մարզիկը Թոքիոյի ողիմպիական խաղերուն տիրացած էր պրոնզէ մետալի: