Մարզական

Ճատրակ.  Կարէն Գրիգորեանի Տպաւորիչ Ելոյթը` Սպանիոյ Մէջ

Ճատրակ. Կարէն Գրիգորեանի Տպաւորիչ Ելոյթը` Սպանիոյ Մէջ

Սպանական Լորքա քաղաքին մէջ տեղի ունեցած ճատրակի միջազգային փառատօնին ընթացքին բաւական յաջող եւ տպաւորիչ ելոյթ ունեցաւ հայրենի կրանտմասթըր Կարէն Գրիգորեան: Ան միայն լրացուցիչ ցուցանիշով տիտղոսը զիջեցաւ պրազիլցի Ալեքսանտր Ֆիերին: Անոնք երկուքն ալ առաւելագոյն 9 կէտէն ապահովեցին 7,5-ական կէտ: Փաստօրէն, հայրենի ճատրակ խաղացողին համար ճակատագրական եղաւ 2-րդ հանգրուանին անոր կրած պարտութիւնը` Մարք Քարպոնելլիէն: Գրիգորեան 8-րդ հանգրուանին հաւասարութիւն մը արձանագրեց Ֆիերիի հետ:...

Ֆրանսական Ֆութպոլ.  Գոռ Մանուէլեան Իր Նորամուտը Նշեց Ֆրանսական Նանթի Հետ

Ֆրանսական Ֆութպոլ. Գոռ Մանուէլեան Իր Նորամուտը Նշեց Ֆրանսական Նանթի Հետ

Ֆրանսայի ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքի 1-32-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, Նանթ 2-0 արդիւնքով յաղթելէ ետք Վիթրէին, ապահովեց յաջորդ հանգրուանի իր տոմսը: Նանթի գլխաւոր խումբին հետ իր նորամուտը նշեց ֆրանսահայ 19 տարեկան միջնապահ Գոռ Մանուէլեան, որ դաշտ ներկայացաւ 74-րդ վայրկեանին: Գոռ Մանուէլեան, որ Նանթի սան է, մաս կազմած է ակումբին երկրորդ խումբերուն, ինչպէս նաեւ 17 եւ 19 տարեկանէն վար կազմերուն: Անոր փոխանցման...

Լիոնել Մեսսի Վարակուեցաւ «Քորոնա» Ժահրով

Լիոնել Մեսսի Վարակուեցաւ «Քորոնա» Ժահրով

Ֆրանսական Փարիզ Սեն Ժերմեն ֆութպոլի ակումբին պաշտօնական կայքը հրապարակեց անունները այն ֆութպոլիստներուն, որոնք վարակուեցան «Քորոնա» ժահրով: Այդ ցանկին մէջ է նաեւ արժանթինցի միջազգային յառաջապահ Լիոնել Մեսսի, որ մնացեալ ֆութպոլիստներուն նման ինքնամեկուսացուեցաւ: Նշենք, որ Մեսսի կարճատեւ արձակուրդէ մը ետք նախորդ շաբաթավերջին վերադարձաւ Արժանթինէն: Ֆրանսայի ֆութպոլի ախոյեանութեան մրցումներուն ծիրին մէջ, 9 յունուարին մայրաքաղաքի կազմը կը մրցի Լիոնի դէմ:  

Զեֆերին Եւս Դէմ Է Մոնտիալին Երկու Տարին Անգամ Մը Կայացման Գաղափարին

Զեֆերին Եւս Դէմ Է Մոնտիալին Երկու Տարին Անգամ Մը Կայացման Գաղափարին

Միջազգային մարզական մամուլին համաձայն, «ԵՈՒ. Է. ԷՖ. Ա.»-ի նախագահը` Ալեքսանտր Զեֆերին, իր ունեցած մէկ հարզացրոյցին ընթացքին յայտարարեց, որ դէմ է Մոնտիալին երկու տարին անգամ մը կայացման գաղափարին: Այս գաղափարը ամէն գնով կ՛ուզէ իրագործել ՖԻՖԱ-ն: «Որպէսզի աշխարհի ախոյեանութիւնը աւելի հետաքրքրական ըլլայ, անիկա պէտք է տեղի ունենայ չորս տարին անգամ մը: Եթէ անիկա կատարուի երկու տարին անգամ մը, պիտի ոչնչացնէ աղջկանց ֆութպոլը,...

Լեվանտովսքի Նախորդ Տարեշրջանի Լաւագոյն Ֆութպոլիստը` «Պունտըսլիկա»-ի Ֆութպոլիստներուն Կողմէ

Լեվանտովսքի Նախորդ Տարեշրջանի Լաւագոյն Ֆութպոլիստը` «Պունտըսլիկա»-ի Ֆութպոլիստներուն Կողմէ

Գերմանական «Պունտըսլիկա»-ի մէջ ելոյթ ունեցող ֆութպոլիստները ընտրեցին նախորդ տարեշրջանի լաւագոյն ֆութպոլիստը: «Քիքըր» կը յայտնէ, որ ֆութպոլիստներուն 43,2 առ հարիւրին քուէարկութեան համաձայն, լաւագոյն ֆութպոլիստը ճանչցուեցաւ Պայէրն Միւնիխի լեհ յառաջապահ Ռոպերթ Լեւանտովսքի: Երկրորդ դիրքին վրայ յայտնուեցաւ Լիվըրփուլի եգիպտացի յառաջապահ Մոհամետ Սալահ, մինչ լաւագոյն եռեակը ամբողջացուց Փարիզ Սեն Ժերմենի արժանթինցի յառաջապահ Լիոնել Մեսսի:  

Կայծակնային Ճատրակի Աշխարհի  Ախոյեանութիւն. Լեւոն Արոնեան` Յառաջատար

Կայծակնային Ճատրակի Աշխարհի Ախոյեանութիւն. Լեւոն Արոնեան` Յառաջատար

Վարշաւայի մէջ երէկ սկսաւ կայծակնային ճատրակի աշխարհի ախոյեանութիւնը: 12 հանգրուաններէ ետք տղոց մրցաշարքին մէջ յառաջատար դիրքը կը գրաւէ այժմ Միացեալ Նահանգներու դրօշին ներքեւ խաղացող Լեւոն Արոնեանը, որ շահած է 10 միաւոր: Երկրորդ դիրքին վրայ կը գտնուի եգիպտացի Պասեմ Ամինը` 9,5 միաւորով: Հայաստանցի ճատրակ խաղացողներէն լաւագոյն արդիւնքը ունի Հայկ Մարտիրոսեան, որ ունի 8,5 միաւոր: Ան կը գտնուի 11-րդ դիրքին վրայ: Իրենց...

«Քորոնա» Ժահրը Կը Հարուածէ  Պարսելոնայի Ֆութպոլի Խումբը

«Քորոնա» Ժահրը Կը Հարուածէ Պարսելոնայի Ֆութպոլի Խումբը

Պարսելոնայի հիմնական խումբի ֆութպոլիստներէն միայն ինը պիտի կարենան խաղալ Մայորքայի դէմ Նոր տարուան առաջին մրցումին: Պարսելոնայի ակումբին մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակուած մարզիկներու թիւը հասաւ 10-ի: Խումբը նաեւ ունի վիրաւորներ: Ըստ «Լա լիկա»-ի կանոնադրութեան, մրցումը պէտք է տեղի ունենայ, եթէ կազմէն կրնայ ապահովել հիմնական կազմէն առնուազն 5 ֆութպոլիստ, ընդհանուրը` 13 մարզիկ, որոնցմէ մէկը` բերդապահը: Պարսելոնա «Լա Լիկա»-ի միակ խումբը չէ, որ...

Չելսի Մօտ 145,6 Միլիոն Տոլարի  Վնաս Ունի 2021-ին

Չելսի Մօտ 145,6 Միլիոն Տոլարի Վնաս Ունի 2021-ին

Չելսի պաշտօնապէս յայտարարած է, որ ակումբը 2021 թուականին արձանագրած է 145,6 միլիոն տոլարի վնաս: Ակումբը կը շեշտէ, որ «Քորոնա» ժահրին պատճառով առանց հանդիսատեսներու մեծ թիւով մրցումներ տեղի ունեցան, ինչ որ տնտեսական վնաս պատճառեց: Ակումբը կը շարունակէ աջակցութիւն ստանալ սեփականատէր Ռոման Աբրամովիչին պատկանող «Ֆորտսթամ Լիմիթըտ»-էն, բայց ակումբը միաժամանակ կը նշէ, որ մօտ 1 միլիառ տոլար պարտք ունի «փոխկապակցուած ընկերութիւններուն»:  

Քիրիոս. «Աւստրալիոյ Բաց Մրցաշարքը Աղէտ Պիտի Ըլլայ Առանց Ֆետերերի, Ճոքովիչի Եւ Նատալի»

Քիրիոս. «Աւստրալիոյ Բաց Մրցաշարքը Աղէտ Պիտի Ըլլայ Առանց Ֆետերերի, Ճոքովիչի Եւ Նատալի»

Աւստրալիացի թենիսի աստղ Նիք Քիրիոս յայտնած է, որ Աւստրալիոյ թենիսի բաց մրցաշարքը աղէտ պիտի ըլլայ առանց Ռոժէ Ֆետերերի, Նովաք Ճոքովիչի եւ Ռաֆայէլ Նատալի մասնակցութեան: Ան աւելցուցած է, որ առանց երեք աստղերուն բացարձակ աղէտ կ՛ըլլայ երկրպագուներուն եւ թենիսի սիրահարներուն համար: Ռոժէ Ֆետերեր յայտարարած էր, որ պիտի չմասնակցի մրցաշարքին, իսկ Ճոքովիչ պէտք է լուծէ «Քորոնա» ժահրին դէմ պատուաստումի հարցը: Ինչ կը վերաբերի...

Ռուսիա Թեկնածու` 2036-ի Ամառնային Ողիմպիական Խաղերու Կազմակերպման

Ռուսիա Թեկնածու` 2036-ի Ամառնային Ողիմպիական Խաղերու Կազմակերպման

Ռուսիա դիմում պիտի ներկայացնէ 2036 թուականի ամառնային ողիմպիական խաղերը հիւրընկալելու համար: Երկրի փոխվարչապետ Տմիթրի Չերնիշենքօ յայտնած է, որ Ռուսիա պէտք է պայքարի խաղերը կազմակերպելու համար, եւ անհրաժեշտ է, որ յարմար թեկնածու քաղաք մը ընտրուի: Ան աւելցուցած է, որ երբ ընտրուի կազմակերպիչ քաղաքը, անհամբեր պիտի սպասեն Միջազգային ողիմպիական կոմիտէի յայտարարութեան: Ըստ անոր, խաղերը կրնան կազմակերպել հեռաւոր արեւելքի կամ Սոչիի մէջ, որ...

Գիւմրիի Մէջ Մարզական Տարուան Ամփոփում

Գիւմրիի Մէջ Մարզական Տարուան Ամփոփում

Գիւմրիի մարզական ոլորտի ներկայացուցիչները, ամփոփելով մարզական տարին, ընտրած են 2021 թուականի լաւագոյն 10 մարզիկները: Մարզիկներու ընտրութիւնը կատարուած է 3 տարիքային խումբերու մէջ` երէցներ, երիտասարդներ եւ պատանիներ: Իւրաքանչիւր տարիքային խումբին մէջ ներկայացուած է 10 մարզիկ: Երէցներու տարիքային խումբին մէջ լաւագոյն մարզիկներու տասնեակը կը գլխաւորէ Արթուր Ալեքսանեանը (յունահռոմէական ըմբշամարտ), երիտասարդներու տարիքային խումբի տասնեակը կը գլխաւորէ ծանրաբարձ Գարիկ Կարապետեանը, իսկ պատանի մարզիկներու տասնեակը`...

Ճոն Թերի Պաշտօն Կը Ստանձնէ Չելսիի Մէջ

Ճոն Թերի Պաշտօն Կը Ստանձնէ Չելսիի Մէջ

Անգլիական Չելսի խումբի նախկին նշանաւոր մարզիկ Ճոն Թերի պաշտօն ստանձնած է լոնտոնեան ակումբին մէջ: Թերի պիտի աշխատի ակումբի ակադեմիային մէջ` վարելով մարզիչ-խորհրդականի պաշտօնը: Ան պիտի աշխատի ակադեմիայի մարզիչներուն եւ ֆութպոլիստներուն հետ: Մարզումներ կատարելէ բացի, Թերի խորհրդատուական ծառայութիւն պիտի մատուցէ մարզիչներուն, պիտի նպաստէ ակումբին ու երիտասարդ ֆութպոլիստներուն եւ անոնց ծնողներուն միջեւ երկխօսութեան: Ան աշխատանքի պիտի սկսի յաջորդ ամիս:

Վարազդատ Հարոյեան` Հայաստանի Լաւագոյն Ֆութպոլիստը

Վարազդատ Հարոյեան` Հայաստանի Լաւագոյն Ֆութպոլիստը

Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը ամփոփած է «Տարուան լաւագոյն ֆութպոլիստ»-ի 2021 թուականի քուէարկութեան արդիւնքները: Հաւաքելով 92 միաւոր` Հայաստանի 2021 թուականի լաւագոյն ֆութպոլիստ ընտրուած է Հայաստանի ազգային հաւաքականի եւ սպանական «Քատիզ» խումբի պաշտպան Վարազդատ Հարոյեան: 62 միաւորով երկրորդ դիրքը գրաւած է Հայաստանի ազգային հաւաքականի անդամ, իտալական Ա. Էս. Ռոմա խումբի կիսապաշտպան Հենրիխ Մխիթարեան: 60 միաւորով երրորդ դիրքը գրաւած է Հայաստանի ազգային հաւաքականի եւ...

«Կլոպ Սաքըր» Մրցանակաբաշխութիւն

«Կլոպ Սաքըր» Մրցանակաբաշխութիւն

Յայտնի դարձած են «Կլոպ Սաքըր» մրցանակաբաշխութեան քանի մը դասակարգումներու յաղթողները: Նախորդ տարուան լաւագոյն խումբը ընտրուած է Չելսին, որ դարձաւ «Չենփիընզ Լիկ»-ի եւ «Եու. Էֆ. Ա.»-ի բաժակի ախոյեանը: Աղջկանց ֆութպոլի լաւագոյն խումբը ընտրուած է Պարսելոնան, որ 2021 թուականին նուաճած էր «Չեմփիընզ Լիկ»-ի բաժակը եւ դարձած էր Սպանիոյ ախոյեան: Լաւագոյն աղջիկ ֆութպոլիստը ընտրուած է Պարսելոնայի կիսապաշտպան Ալեքսիա Պուտելիասը: Մրցանակ Ռոնալտինիոյին` Իր Փառահեղ...

Ճոքովիչ Հաւանաբար Բացակայի Աւստրալիոյ Թենիսի Բաց Մրցաշարքէն

Ճոքովիչ Հաւանաբար Բացակայի Աւստրալիոյ Թենիսի Բաց Մրցաշարքէն

Ըստ «Թենիս Աւստրալիա» մարմինին, Նովաք Ճոքովիչ չէ քաշուած «Էյ. Թի. Փի.» թենիսի մրցաշարքէն, հակառակ այն հաստատումներուն, որ ան գրեթէ վստահ էր, թէ ատիկա պիտի ընէ: Լուրջ կասկածներ կան, որ արդեօք տղոց աշխարհի թիւ մէկ դասուած Ճոքովիչը պիտի մեկնի՞ Աւստրալիա` տրուած ըլլալով, որ ան մերժած է հաստատել, որ պատուաստուա՞ծ է «Քորոնա» ժահրին դէմ, թէ՞ ոչ: Ճոքովիչի խումբէն անանուն անդամ մը սերպիական...

Հայ Գեղասահորդը Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Իւրայատուկ Շարժում Կատարեց

Հայ Գեղասահորդը Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Իւրայատուկ Շարժում Կատարեց

Պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով հայ գեղասահորդ Ատելիա Պետրոսեան կատարած է երկու քառակի ռիթպըրկըր, եւ ասիկա ո՛չ միայն կիներու, այլ նաեւ տղամարդոց մենասահքի ներկայացումներուն եւ մրցումներուն չէ արձանագրուած: 14-ամեայ պարմանուհին, որ առաջին անգամ ըլլալով մասնակցած է չափահասներու մրցաշարքին, երկու ծրագիրներու իբրեւ արդիւնք վաստկած է 233.97 կէտ, որ շատ քիչ տարբերութիւն ունի երրորդ մրցանակակիր Աննա Շչերպակովայի արդիւնքէն: Ազատ ծրագիրին մէջ Ատելիա...

Վարշաւայի Մէջ Սկսաւ Արագ Եւ Կայծակնային Ճատրակի Աշխարհի  Ախոյեանութիւնը

Վարշաւայի Մէջ Սկսաւ Արագ Եւ Կայծակնային Ճատրակի Աշխարհի Ախոյեանութիւնը

Լեհաստանի մայրաքաղաք Վարշաւայի մէջ արդէն ընթացք առաւ արագ եւ կայծակնային  ճատրակի աշխարհի ախոյեանութիւնը: 26-28  դեկտեմբերին կը կայանայ արագ, իսկ 29-30 դեկտեմբերին` կայծակնային ճատրակի ախոյեանութիւնը: Հայաստանի հաւաքականը եւս տասնմէկ  կրանտմասթըրով կը մասնակցի այս ախոյեանութեան: 27 դեկտեմբերին Հայաստանը ներկայացնող Սամուէլ Տէր Սահակեան մրցեցաւ օրեր առաջ աշխարհի ախոյեանի կոչումը պաշտպանած Մակնուս Քարլսընի հետ եւ մրցումը աւարտեց ոչ ոքի: Հայաստանի միւս ներկայացուցիչներէն 5 հնարաւորէն...

Յակոբ Սերոբեան. Անցնող Տարին Աննախադէպ Էր Հայ Մարմնամարզութեան  Համար

Յակոբ Սերոբեան. Անցնող Տարին Աննախադէպ Էր Հայ Մարմնամարզութեան Համար

Հայաստանի մարմնամարզութեան  հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Յակոբ Սերոբեանի կարծիքով` անցնող տարին աննախադէպ էր Հայաստանի համար: «2021-ը մեր հաւաքականին համար պիտի մնայ  իբրեւ լաւ յիշողութիւն: Մենք գիտէինք, որ  կարելի էր մետալ նուաճել, պայքարեցանք եւ ապացուցեցինք: Յաղթանակներ շատ ունեցանք, բայց կը կարծեմ, որ ողիմպիական խաղերուն Արթուր Դաւթեանի արձանագրած յաջողութիւնը անբացատրելի  զգացողութիւններ տուաւ բոլորիս: Այս տարին նոր մակարդակի բարձրացուց հայկական մարմնամարզութիւնը», յայտնեց Սերոբեան: Հայաստանի...

Շաբաթավերջի Անգլիոյ Ֆութպոլի Ախոյեանութեան Մրցումներուն  Արդիւնքները

Շաբաթավերջի Անգլիոյ Ֆութպոլի Ախոյեանութեան Մրցումներուն Արդիւնքները

Անգլիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ շաբաթավերջին տեղի ունեցան զանազան խաղեր, որոնց արդիւնքները կը ներկայացնենք ստորեւ. Մանչեսթըր Սիթի - Լեսթըր Սիթի  6-3 Նորուիչ Սիթի - Արսենալ  0-5 Թոթենհամ - Քրիսթալ Փալաս 3-0 Ուեսթ Համ Եունայթըտ - Սաութհեմփթըն 2-3 Ասթոն Վիլա - Չելսի 1-3 Պրայթըն - Պրենթֆորտ 2-0

Հայաստանի Հաւաքականը Պահպանած Է ՖԻՖԱ-ի  Դասակարգման Աղիւսակին Մէջ Իր Դիրքը

Հայաստանի Հաւաքականը Պահպանած Է ՖԻՖԱ-ի Դասակարգման Աղիւսակին Մէջ Իր Դիրքը

Հայաստանի ֆութպոլի հաւաքականը պահպանեց ՖԻՖԱ-ի դասակարգման աղիւսակին մէջ իր դիրքը: Խոաքին Քափարոսի գլխաւորած հաւաքականը ՖԻՖԱ-ի 2021 թուականի դասակարգման ցուցակը աւարտեց 92-րդ դիրքին վրայ: ՖԻՖԱ-ի ընդհանուր դասաւորումը կը գլխաւորէ Պելճիքան: Անոր կը յաջորդեն Պրազիլը, Ֆրանսան, Անգլիան, Արժանթինը, Իտալիան, Սպանիան, Փորթուգալը, Դանիան եւ Հոլանտան:  

Page 435 of 1280 1 … 434 435 436 … 1,280

Արխիւներ