Գիւմրիի մարզական ոլորտի ներկայացուցիչները, ամփոփելով մարզական տարին, ընտրած են 2021 թուականի լաւագոյն 10 մարզիկները:
Մարզիկներու ընտրութիւնը կատարուած է 3 տարիքային խումբերու մէջ` երէցներ, երիտասարդներ եւ պատանիներ: Իւրաքանչիւր տարիքային խումբին մէջ ներկայացուած է 10 մարզիկ:
Երէցներու տարիքային խումբին մէջ լաւագոյն մարզիկներու տասնեակը կը գլխաւորէ Արթուր Ալեքսանեանը (յունահռոմէական ըմբշամարտ), երիտասարդներու տարիքային խումբի տասնեակը կը գլխաւորէ ծանրաբարձ Գարիկ Կարապետեանը, իսկ պատանի մարզիկներու տասնեակը` ծանրաբարձ Ալեքսանտր Լազարեանը:
Այս տարի գիւմրեցի մարզիկները ողիմպիական խաղերուն, տարբեր մարզաձեւերու աշխարհի ու Եւրոպայի ախոյեանութիւններուն ու միջազգային մրցաշարքերուն մէջ նուաճած են 80 մետալ:
Հայաստանի լաւագոյն 10 մարզիկներէն 5-ը գիւմրեցիներ են: