Պարսելոնայի հիմնական խումբի ֆութպոլիստներէն միայն ինը պիտի կարենան խաղալ Մայորքայի դէմ Նոր տարուան առաջին մրցումին:
Պարսելոնայի ակումբին մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակուած մարզիկներու թիւը հասաւ 10-ի: Խումբը նաեւ ունի վիրաւորներ:
Ըստ «Լա լիկա»-ի կանոնադրութեան, մրցումը պէտք է տեղի ունենայ, եթէ կազմէն կրնայ ապահովել հիմնական կազմէն առնուազն 5 ֆութպոլիստ, ընդհանուրը` 13 մարզիկ, որոնցմէ մէկը` բերդապահը:
Պարսելոնա «Լա Լիկա»-ի միակ խումբը չէ, որ «Քորոնա» ժահրով վարակուածներու բարձր թիւեր ունի: Այլ խումբեր նաեւ կը տառապին նոյն կացութենէն: