Միջազգային մարզական մամուլին համաձայն, «ԵՈՒ. Է. ԷՖ. Ա.»-ի նախագահը` Ալեքսանտր Զեֆերին, իր ունեցած մէկ հարզացրոյցին ընթացքին յայտարարեց, որ դէմ է Մոնտիալին երկու տարին անգամ մը կայացման գաղափարին:
Այս գաղափարը ամէն գնով կ՛ուզէ իրագործել ՖԻՖԱ-ն:
«Որպէսզի աշխարհի ախոյեանութիւնը աւելի հետաքրքրական ըլլայ, անիկա պէտք է տեղի ունենայ չորս տարին անգամ մը: Եթէ անիկա կատարուի երկու տարին անգամ մը, պիտի ոչնչացնէ աղջկանց ֆութպոլը, այլ մարզաձեւեր, ողիմպիական խաղերը եւ այլն:
Ասիկա պարզապէս գէշ գաղափար մըն է:
Մոնտիալը ֆութպոլի մեծագոյն իրադարձութիւնն է եւ պէտք է տեղի ունենայ չորս տարին անգամ մը», ըսաւ Զեֆերին: